Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ շատ հաւանաբար դառնայ 23 տարեկանէն վեր այն երեք ֆութպոլիստներէն մէկը, որ կը մասնակցի Ռիօ տը Ժանէյրոյի 2016-ի ողիմպիական խաղերուն, յայտնեց Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Ֆերնանտօ Կոմեշ:
Մէջբերելով «Կլոպօ Էսփորթէ» կայքին մէջ հրապարակուած յայտարարութիւն մը, Armsport.am կ՛ըսէ, որ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ այն 4 թեկնածուներէն մէկն է, որ Պրազիլ մեկնողներուն կարգին պիտի ըլլայ:
«Թէեւ փորթուգալցիք կ՛ուզեն Ռոնալտոյի մեկնումը Ռիօ տը Ժանէյրօ, բայց այդ գծով ցարդ յստակ ոչինչ կայ», կ՛եզրափակէ Կոմեշ: