«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ի ընդհանուր քարտուղար Ճիաննի Ինֆանթինօ յայտարարեց, որ 2017-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ Քարտիֆի մէջ գտնուող «Միլենիում»-ի դաշտին վրայ:
Ինչ կը վերաբերի նոյն այդ տարին տեղի ունենալիք «Եուրոփա լիկ»-ի մրցաշարքի աւարտական մրցումին, նկատի առնուեցաւ Սթոքհոլմի մէջ գտնուող «Տը Ֆրենտծ Արենա» դաշտը:
Նշենք, որ առաջին անգամ ըլլալով այդ մրցաշարքի աւարտական մրցումը տեղի կ՛ունենայ Կալեսի մէջ, թէեւ Բրիտանիոյ մէջ նախապէս տեղի ունեցած են 11 աւարտականի մրցումներ. 7-ը` Ուեմպլիի մէջ, 3-ը` Կլասքոյի մէջ, իսկ 1-ը` Մանչեսթըրի մէջ:
«Միլենիում»-ի այդ դաշտը կրնայ հիւրընկալել 74.500 հանդիսատես:
Ինչ կը վերաբերի 2017-ին տեղի ունենալիք Եւրոպայի գերբաժակին, անոր համար նկատի առնուած է Սքոփյէն (Մակեդոնիա):
Նշենք, որ 2016-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականը տեղի պիտի ունենայ «Սան Սիրօ» մարզադաշտին մէջ (Միլանօ), իսկ «Եուրոփա լիկ»-ին աւարտականը` «Սենթ Ժաքոպ Փարք»-ին մէջ (Պալ, Զուիցերիա):