Երէկ երեկոյեան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթին ծիրին մէջ տեղի ունեցան շարք մը ճակատումներ:
Մրցում կատարողներուն կարգին եղաւ նաեւ Հայաստանի ախոյեան Փիւնիկ Երեւան, որ հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ֆոլկորը (Սան Մարինօ):
Մրցումը աւարտեցաւ հայկական խումբին յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով: Վարդգէս Սաթումեան նշանակեց Փիւնիկի առաջին կոլը (45-րդ), մինչ անոր խմբակից Սեզար Ռոմերօ` երկրորդը (48-րդ):
Նշենք, որ 71-րդ վայրկեանին հիւր կազմը նշանակեց իր միակ կոլը: Այդ կոլէն մէկ վայրկեան առաջ, անոր մէկ խմբակիցը կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Սակայն հակառակ իր արձանագրած այս յաղթանակին, Փիւնիկ դարձի մրցումին պէտք է լաւ արդիւնք արձանագրէ, այլապէս կրնայ դուրս մնալ մրցաշարքէն:


