Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ` ՍՈՒՐԻՈՅ ՎԵՐՋԻՆ ՕՐԵՐՈՒ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ

August 15, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթը կը գրէ.-

Դամասկոսի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը տուն կանչելու թագաւորին որոշումը առիթ ընծայեց արաբական այլ երկիրներու, որպէսզի անոնք ալ նմանօրինակ քայլերու դիմեն: Բացառութիւն պիտի ըլլայ հաւանաբար Լիբանանը: Ըստ օրաթերթին, ոչ ոք կրնայ միջամտել Սուրիոյ ներքին հարցերուն, եւ այդ պատճառով վարչակարգը եւ ժողովուրդը կը գտնուին հակադիր ճակատներու վրայ: Սուրիացիներուն միակ փրկութիւնը պիտի ըլլայ այն, որ վարչակարգը ներսէն սկսի քայքայուիլ, ապա թէ ոչ դէպքերը սպասուածէն աւելի պիտի երկարին: Միւս կողմէ, սահմանին վրայ գտնուող թրքական բանակը պիտի չփորձէ որեւէ ձեւով սահմանը փակել, որովհետեւ անիկա ցարդ գործնապէս անգործածելի է, ինչպէս նաեւ ան պիտի չփորձէ Սուրիա թափանցել կամ մեղսակից ըլլալ անոր քաղաքացիական կռիւներուն:

Իսկ յորդանանեան «Տուսթուր» օրաթերթին համաձայն, Ասատի վարչակարգը նեղ կացութեան մատնուած է եւ կը սպառնայ այս տագնապը «արտահանել» շրջակայ երկիրներ: Վարչակարգը կորսնցուցած է նախաձեռնելու եւ քաղաքական կեցուածքներ որդեգրելու ամէն հնարաւորութիւն: Ան կրնայ տատանիլ ապահովական եւ զինուորական լուծումներու միջեւ միայն: Տրամաբանական չէ, որ ապահովական այս հակադրութենէն, ինչպէս նաեւ հազարաւոր զոհերէ եւ վիրաւորներէ ետք, պետութիւնը լրատուամիջոցներու կամ բազմակուսակցականութեան ծրագիրներով ներկայանայ ժողովուրդին:

Լոնտոն հրատարակուող «Շարք Աուսաթ» թերթին մէջ կը կարդանք.- Սուրիոյ վարչակարգը կորսնցուցած է ամէն առիթ, եւ մեզի կը մնայ կռահել, թէ ի՛նչ արդիւնքի պիտի յանգի սուրիական յեղափոխութիւնը: Ըստ թերթին, կան երեք հաւանականութիւններ.-

ա.-  Արաբական տարազով միջազգային միջամտութիւն, որուն մէջ Թուրքիա պիտի կատարէ առաջնորդի դեր:

բ.- Խաղաղ ցոյցերը կրնան արիւնալի ընդդիմութեան վերածուիլ, եթէ միջազգային ընտանիքը զինուորապէս չմիջամտէ ռուսական կամ չինական արգելքներուն պատճառով:

գ.- Իսկ վերջին հաւանականութիւնը այն է, որ ներկայ իշխանութիւնը տապալի` առիթ ընծայելով ներսէն փոփոխութեան յառաջացման:

Միւս կողմէ, անհաւանական չէ, որ այս վարչակարգը փրկուի յաւելեալ արիւն թափելով եւ վստահելով Իրանի զինուորական ու նիւթական օժանդակութեան:

Եւ վերջապէս, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «Պայան» օրաթերթին համաձայն, սուրիական վարչակազմը ճեղք ստեղծեց իր եւ ժողովուրդին միջեւ, ինչպէս նաեւ իր դիմագիծը աղաւաղեց արտաքին աշխարհին դիմաց: Նահատակներուն եւ անյայտ պատճառներով անհետացողներուն թիւերը բազմապատկուելէն ետք, այլեւս կարելի չէ ազգային երկխօսութեան մասին խօսիլ: Ներկայ իշխանութիւնը քանդեց ժողովուրդին հետ յարաբերելու բոլոր կամուրջները: Այս ծիրին մէջ վարչակարգին դիմաց կան երկու կարելիութիւններ, երկուքն ալ` դառն: Արդարեւ, առաջինը կը միտի բախումի երթալ արտաքին աշխարհին հետ, իսկ երկրորդը` զիջումներու: Սուրիական փողոցը հակամէտ է յեղափոխութեան ընդարձակման, որ փոփոխութիւններ պիտի յառաջացնէ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մակարդակներու վրայ:

ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Պէյրութ, օգոստոս 2011

Նախորդը

ԶԻՆԵԱԼ ՄԻՋԱԴԷՊ` ԷՀՏԵՆԻ ՄԷՋ

Յաջորդը

ՄԱՄԼՈՅ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։