Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ո՛Չ Թալանին» Նախաձեռնութեան Բողոքի Շարժումները Կը Շարունակուին. Երրորդ Օրն Ըլլալով Բաղրամեան Պողոտան Կը Մնայ Փակ

Յունիս 25, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

MHM97071,jpgԵրեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան սկսաւ ելեկտրական հոսանքի սակի  բարձրացումը կասեցնել պահանջող «Ո՛չ թալանին» քաղաքացիական նախաձեռնութեան իրազեկման երթը, որուն մասնակիցները Հիւսիսային պողոտայով, Հանրապետութեան հրապարակով,  Ամիրեան փողոցով եւ  Մաշտոցի պողոտայով հասան Բաղրամեան, ուր միացան նստացոյց ընող  բազմաթիւ քաղաքացիներուն:

Գործիչները նաեւ կոչ ուղղեցին քաղաքացիական հագուստով ոստիկաններուն լքելու  ցուցարարներու շարքերն ու սադրանքներ չընելու: Այդ ոստիկաններու լուսանկարները տարածուեցան ցուցարարներու շրջանին մէջ, որպէսզի վերջիններս զգօն ըլլան:

Բաղրամեան պողոտային վրայ ցուցարարները հովանոցներ տեղադրեցին: Ոստիկանութիւնը չառարկեց 5¬6 հովանոցի տեղադրման: Ոստիկանական պատնէշն ալ ետ քաշուեցաւ. ոստիկաններուն փոխարէն Բաղրամեան պողոտայի վրայ ճաղէ վանդակներ տեղադրուեցան: Ցուցարարները նաեւ ժապաւէններով ազատ տարածութիւն ձգեցին պողոտայի կեդրոն բերուած աղբամաններուն եւ հաւաքի մասնակիցներուն միջեւ: Նախ, ոստիկանութիւնը մտավախութիւն ունէր, որ աղբամաններուն մէջ կրնան պահուած ըլլալ պարկերով քարեր, բայց ստուգումները ցոյց տուին, որ աղբամաններուն մէջ միայն շինարարական աղբ է: Երկրորդ, աղբամաններուն հոտը կիզիչ արեւի տակ կը տարածուի:

Իրավիճակը հանդարտ էր, հաւաքուածներուն սնունդ ու ջուր բերին:

Պողոտային վրայ երեքշաբթի ամբողջ գիշերը ներկայ եղան հոգեւորականներ, անոնք զրուցեցին ցուցարարներուն հետ` հանդարտութեան կոչ ուղղեցին: «Ինչպէս պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններուն, այնպէս ալ ներկայիս եկեղեցին ժողովուրդին կողքին է: Բաղրամեան պողոտային վրայ ենք խաղաղութեան կոչով: Եթէ մարդիկ իրենց ազատ կամքով այստեղ են պաշտպանելու համար իրենց շահերը, մենք անոնց կողքին ենք», «Արմէնփրես»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի աշխատակից Դաւիթ սրկ. Մովսիսեան: Անոր խօսքով` վերջին տարիներուն առաջին անգամն է, որ հոգեւորականները կը մասնակցին նման ցոյցերու: Նպատակը մէկ է` հայ եկեղեցին ու քրիստոնէութիւնը ընդհանրապէս դէմ են բռնութեան:

Ինքնաշարժներով Երթ

Մաշտոցի պողոտային մէջ ինքնաշարժներու մեծ երթ տեղի ունեցաւ: Ինքնաշարժները Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշները ծածանելով, ազդանշաններ տալով անցան պողոտայէն` երթեւեկը անդամալուծելով: Ճամբու ոստիկանները փորձեցին կանոնաւորել իրավիճակը:

Վարդան Պետրոսեան Հացադուլ Յայտարարեց`
Ի Զօրակցութիւն Նստացոյցի Մասնակիցներուն

Դերասան Վարդան Պետրոսեանի հարազատները «Հետք»-ին յայտնած են, որ երէկ` կէսօրուան ժամը 12:00-էն, «Նուպարաշէն» բանտին մէջ գտնուող դերասան Վարդան Պետրոսեան յայտարարած է հացադուլ` ի զօրակցութիւն «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան եւ Բաղրամեան պողոտային վրայ նստացոյցի մասնակիցներուն:

«Ես ֆիզիքապէս այդտեղ չեմ, բայց այսպէս կրնամ իմ զօրակցութիւնս յայտնել բողոքի բոլոր մասնակիցներուն», ըսած է Վարդան Պետրոսեան:

Արա Գէորգեան Ժողովուրդին Կողքին Է

Երաժիշտ Արա Գէորգեան «Երկիր»-ի կայքին հետ տեղի ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ եկած է սատարելու ժողովուրդին: Ան տեղեկացուցած է, որ վրդոված է, որովհետեւ լուրեր տարածուած էին, թէ ան չ՛աջակցիր ժողովուրդին, մինչդեռ ինք ժողովուրդին կողքին կը կանգնի:

Ռուսիոյ Նախագահի Մամլոյ Քարտուղարը`
Երեւանի Իրադարձութիւններու Մասին

Մոսկուա ամբողջ ուշադրութեամբ կը հետեւի, թէ ինչ կը կատարուի Երեւանի մէջ: ԹԱՍՍ լրատու  գործակալութեան այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ շատ մօտիկ ապագային Հայաստանի մէջ իրավիճակը կը կանոնաւորուի օրէնքի տառին խիստ համապատասխան, եւ որ խախտումներ չեն արձանագրուիր:

Վարչապետը Տեսակցեցաւ Ռոպերթ Նազարեանի Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան իր մօտ խորհրդակցութեան հրաւիրեց Հանրային ծառայութիւնները համակարգող յանձնախումբի նախագահ Ռոպերթ Նազարեանը: Այս մասին «Երկիր»-ին հետ զրոյցին ընթացքին յայտնեց յանձնախումբի  մամլոյ պատասխանատու Մարիամ Ստեփանեան:

Ան ըսաւ, որ խորհրդակցութիւնը նախապէս ծրագրուած է եւ կապուած չէ այս օրերուն տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն հետ: Ըստ Մարիամ Ստեփանեանի, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան տակաւին շաբաթ մը առաջ Ռոպերթ Նազարեանը հրաւիրած է խորհրդակցութեան:

Բաղրամեանը Կրկին Մարդաշատ Է.
«
Ո՛Չ Թալանին»-oը Կը Յիշեցնէ Իր Պահանջները

Երեւանի Բաղրամեան պողոտային մէջ ցուցարարներուն թիւը երէկ երեկոյեան կրկին բազմացաւ: Տեղւոյն վրայ գտնուողներուն միացան Ազատութեան հրապարակին վրայ հաւաքուածները, որոնք Երեւանի տարբեր փողոցներուն մէջ կ՛իրազեկէին քաղաքացիներուն եւ թռուցիկներ կը բաժանէին: «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամները պարբերաբար կը կրկնէին իրենց պահանջը` չեղեալ նկատել հոսանքի թանկացման վերաբերեալ որոշումը եւ վերատեսութեան ենթարկել սակը` ատիկա նուազեցնելու նպատակով: «Մենք ոչ մէկ  քաղաքական պահանջ ունինք, մեր պահանջը ժողովուրդին ընկերային բեռի թեթեւացումն է», յայտարարեցին նախաձեռնութեան անդամները:   Նախաձեռնութեան անդամները նաեւ յայտարարեցին, որ կը պահանջեն ազատ արձակել իրենց ընկերներէն մէկը` Տիգրան Մատոյեանը, որ երէկ ձերբակալուած էր ոստիկանութեան կողմէ, երբ ան փորձեց աղբարկղ մը տեղափոխել Բաղրամեան պողոտայ:

 

 

 

Նախորդը

Վարդանեան. «Մեր Առաքելութիւնը Վատ Հետեւանքներ Թոյլ Չտալն Էր»

Յաջորդը

Սերժ Սարգսեան Երէկ Պրիւքսէլ Հասաւ

RelatedPosts

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին
Հայկական

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?