Հայաստանի հարաւային երկաթուղիի կառուցման ծրագիրի նկատմամբ Չինաստանի քաղաքացիական ճարտարագիտական շինարարական կազմակերպութեան հետաքրքրութիւնը եւ ատոր մասնակից դառնալու փափաքը վերահաստատեց կազմակերպութեան խորհուրդի նախագահ Վու Վանլիանկ` Հայաստանի փոխադրամիջոցներու եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեանի հետ նախանցեալ օր տեղի ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին:
Չինական կողմը ներկայացուց ծրագիրի ֆինանսաւորման հաւանական քանի մը մեքանիզմներ, քննարկուեցան երկաթուղիի կառուցման վերաբերեալ այլ հարցեր, ծրագիրի իրականացման իւրայատկութիւնները:
Երկուստեք ընդգծուեցաւ երկաթուղիի կառուցման կարեւորութիւնը ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ ամբողջ շրջանին համար: