Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 25, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կոչ ուղղեց ներկայ գտնուելու կառավարութեան նիստերուն` արտաքին դիմադրութեամբ կառավարութեան աշխատանքը սառեցնելու փոխարէն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Հըզպալլան եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պատասխանատու նկատեց նախագահական ընտրութեան հոլովոյթին ձախողեցման: Անդրադառնալով Ռումիէի բանտին մէջ արձանագրուած գայթակղութեան` Սինիորա յայտնեց, որ անհրաժեշտ է սպասել այդ մասին բացուած հետաքննութեան արդիւնքներուն:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ ծովային կալուածներուն վերաբերող օրէնքը պիտի չվաւերացուի, որովհետեւ դրամի կէտազգիները աւելի հզօր են, քան պետութիւնը:

ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԱԾ բանակային Իպրահիմ Մղէյթի եղբայրը` Նիզամ Մղէյթ յայտնեց, որ առեւանգուած բանակայիններուն յատուկ նախարարական յանձնախումբին նիստէն ոչինչ բխած է եւ այդ իրականութեան դիմաց, բանակայիններուն հարազատները պէտք է անմիջական քայլերու դիմեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան խստիւ դատապարտեց Կոլանի մէջ տիւրզի համայնքին դէմ գործուած իսրայէլեան բռնարարքները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱ խստիւ դատապարտեց իրաքցի քաղաքացիներուն դէմ ՏԱՀԵՇ-ի գործած վայրագ ոճիրները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ երէկ Պիքֆայայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Սայիտ Շամիսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի երէկ Մաժտալիունի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Սիկրիտ Քաակը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները: Հանդիպումին ընթացքին Քաակ շնորհաւորեց Հարիրին ռամատանին առիթով:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Մոհամետ Մաշնուք յայտնեց, որ կառավարութեան նիստերուն գումարումին վերսկսելու առումով յոյսի ոչ մէկ նշոյլ կը նշմարուի:

ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութեան Պեքաայի գրասենեակը թմրեցուցիչի մաքսանենգութեամբ զբաղող երեք սուրիացիներ ձերբակալած է Արեւմտեան Պեքաայի մէջ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ շեշտեց, որ Ռումիէի բանտին մէջ արգելափակեալներուն դէմ արձանագրուած խոշտանգումներուն հարցով Մուսթաքպալ հոսանքին մէջ տարակարծութիւններ գոյութիւն չունին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ Ժապհաթ Նուսրա ոչ մէկ լիբանանցի քաղաքացիի դաշնակիցը կրնայ ըլլալ, որովհետեւ անիկա Իսրայէլի գործակալն է:

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ Միութիւնը բարձր գնահատեց Լիբանանի ջանքերը` սուրիացի գաղթականներուն տագնապը տնօրինելու իմաստով:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա կոչ ուղղեց Ռումիէի բանտին հարցերը լուծելու իմաստով որդեգրելու շարք մը քայլեր` հեռու մնալով թղթածրարին քաղաքականացումէն եւ համայնքայնացումէն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ժիհատական աղբիւրներ հաստատած են, որ ծայրայեղական ահաբեկչական կազմակերպութիւնները յարմարագոյն պահուն սպանութեան թիրախ պիտի դարձնեն ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը:

ԱՆԿԱԽ նասըրականներու ընդհանուր քարտուղար Մուսթաֆա Համտան կոչ ուղղեց արագացնելու հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը եւ վերակառուցելու երկրին քաղաքական ու համայնքային համակարգը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն հաստատեց, որ արաբական գարունը շրջանի ժողովուրդներուն համար իսկական մղձաւանջի վերածուած է: Ան ըսաւ, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին արձանագրուելիք որեւէ խաբեբայութեան եւ նախապէս գոյացած համաձայնութեան յանձնառութիւնը խզելու պարագային մագլցողական քայլերու պիտի դիմեն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ուատիհ Խազեն, հանդիպելէ ետք Պէյրութի մարոնի համայնքի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին, շեշտեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը հետզհետէ մահուան պիտի առաջնորդէ` աւելցնելով, որ այս կացութիւնը Լիբանանը քանդումի պիտի ուղղէ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի դատապարտեց Ռումիէի արգելափակեալներուն խոշտանգումը` շեշտելով, որ անիկա անբարոյական արարք մըն է:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ լիբանանեան քաղաքական ուժերէն կը պահանջուի զօրակցիլ չափաւորականութեան ուղեգիծին: Ան աւելցուց, որ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք թիրախ դարձած է, որովհետեւ ան չափաւորական է:

 

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Իշխանութիւնները Հիւանդատար Մեքենաներու Քարկոծման Հարցով Ձերբակալեցին Տիւրզի 10 Երիտասարդներ

Յաջորդը

Մաշնուք. «Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն Դէմ Արգելափակեալներուն Գործած Խոշտանգումի Տեսերիզին Ոչ Ոք Անսաց»

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?