Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Նախագահեց Ապահովական Բնոյթի Արտակարգ Նիստի Մը

June 23, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապահովական նիստէն պահ մը
Ապահովական նիստէն պահ մը

Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ երեկոյեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց ապահովական բնոյթի արտակարգ նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք, արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի, ընդհանուր դատախազ Սամիր Համմուտ եւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս:

Նիստէն ետք վարչապետ Սալամ խստիւ դատապարտեց արգելափակեալներուն դէմ գործուած բռնարարքները` զանոնք նկատելով անբարոյական եւ ստոր արարքներ, որոնք նաեւ սահմանադրութեան խախտում կը նկատուին:

Վարչապետ Սալամ կոչ ուղղեց ապահովական այս թղթածրարին հետ վարուելու հանդարտութեամբ եւ խաղաղութեամբ, եւ զայն սահմանելու օրինական կարգերու մէջ` հեռու մնալով գրգռութիւններ հրահրելէ, որովհետեւ գրգռութիւնները կը վնասեն երկրին ապահովական կայունութեան եւ երկրին շահերուն:

«Այս առումով ապահովական եւ դատական իշխանութիւնները կատարեալ թափանցիկութեամբ պիտի շարունակեն իրենց հետաքննութիւնը», հաստատեց վարչապետ Սալամ:

Սալամ ողջունեց Մաշնուքի եւ Ռիֆիի առած քայլերը` լուծելու համար այդ թղթածրարը, դրուատելով լիբանանեան օրէնքներուն հսկելու անոնց յանձնառութիւնը:

Ան հաստատեց, որ ինք նախանձախնդիր է պետական հաստատութիւններուն պահպանումին` զգուշացնելով որեւէ սխալի չարաշահումէն` պետական հաստատութիւնները հարուածելու նպատակով:

Իր կարգին, Ռիֆի յայտնեց, որ Ռումիէի մէջ այդ դէպքը նկարողներն ու տեսերիզը սպրդեցնողները ձերբակալուած են:

Ռիֆի շեշտեց, որ իր դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնները սնանկութեան գագաթնակէտն են, «իսկ ես եւ նախարար Մաշնուքը ընկերներ ենք», աւելցուց ան:

 

Նախորդը

Դիմադրութեան Մարտիկները Ետ Մղեցին ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալներուն Յարձակումը Եւ Քանդեցին Ժապհաթ Նուսրայի Զրահապատներ

Յաջորդը

Կիլիկիոյ Տարածքին Եկեղեցի Մը Եւ Բերդ Մը Կը Վերակառուցուին

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.