Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արդար Եւ Բարգաւաճ Ընտրութիւններ… Էրտողան Չկրցաւ Մեծամասնութիւն Կազմել

Յունիս 16, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-16-15_HDPԿիրակի, յունիս 7-ին, «Հիւանդ մարդը»` Թուրքիան չէր, այլ` նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:

Այսպէս, հակառակ ամիսներէ ի վեր կատարուած աշխատանքներուն եւ պատրաստութիւններուն, Էրտողանի երազները չիրականացան եւ համեմատաբար աւելի արդար եւ բարգաւաճ ընտրութիւններու արդիւնք… անոր ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը չկրցաւ առիւծի բաժինը խլել:

Հոս, յաւելեալ պարզաբանելու համար, առիւծի բաժնին հասնելու բանալիներէն մէկը մրցակից կարգ մը կուսակցութիւններու (Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւն եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւն) դէմ պայքարելու կողքին, քիւրտ Սալահէտտին Տեմիրթաշի ղեկավարած Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան, քուէներու նուազագոյնը տաս առ հարիւր համեմատութիւնը չհաւաքելն էր, որպէսզի այս վերջինը չկարողանայ աթոռի տիրանալ յառաջիկայ խորհրդարանէն ներս:

Սակայն, կիրակի, յունիս 7-ի երեկոյեան իսկ, նախնական արդիւնքները ցոյց տուին, թէ Տեմիրթաշի կուսակցութիւնը գերազանցած էր տաս առ հարիւրը` Էրտողանի ծաւալապաշտական երազներուն վերջ տալով:

Էրտողանի մարտահրաւէրը վարչապետի պաշտօնէն օգոստոս 2014-էն սկսեալ նախագահի պաշտօն ստանձնել չէր միայն, այլ անոր միտքը տարբեր էր, եւ խորհրդարանական ժողովրդավարական դրութենէն դուրս գալով, կ՛ուզէր գործող կառոյցը` վարչամեքենան նախագահական պալատ փոխադրել: Պալատ մը, որուն հազար ու մէկ սենեակներուն եւ մսխուած ծախսերուն մասին ցայսօր մելան կը հոսի:

Ահաւասիկ` բռնապետական ծրագիր մը, որ ձախողեցաւ շնորհիւ ժողովուրդին եւ ժողովրդավարութեան` Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հաւաքած շօշափելի քուէներու համեմատութեան, ուր նաեւ կրցան յաղթական դուրս գալ ծագումով հայորդիներ: Անշուշտ, միւս կուսակցութիւններն ալ քուէներ որսալով` կրցան սանձել Էրտողանի յառաջխաղացքը:

Հետաքրքրական եւ անկիւնադարձային էջ մը բացուեցաւ Թուրքիոյ քաղաքական բեմէն ներս, ուր գրեթէ քուէներուն 13 առ հարիւրը հաւաքած յառաջդիմական ուժ մը ինքզինք պարտադրած է` ապաւինելով հասարակաց արժէքներու եւ մօտեցումներու փոխըմբռնման վրայ եւ կը պայքարի ժողովուրդներու լեզուական, մշակութային եւ դաւանական իրաւունքներուն համար:

Արդ, Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան ներկայութիւնը յստակօրէն պիտի արտացոլացնէ ազատութեան, հաւասարութեան եւ արդարութեան ալիք մը, որուն կարիքն ունէր ո՛չ թէ միայն փոքրամասնութիւններու խմբաւորում մը, այլ ընդհանրապէս` մեծամասնութիւն մը, որ գրեթէ 13 տարիէ ի վեր կը մնար Էրտողանի եւ իր գործակիցներու լուծին տակ:

Մինչ այդ տեղին է հարցադրել, թէ այս արդիւնքին լոյսի տակ ի՞նչ պիտի ըլլայ Էրտողանի եւ իր գործընկերներուն ընթացքը, յանձինս վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Տաւութօղլուի, որ կը նկատուի փորձառու եւ «քարէն ջուր քամող» ճարպիկ քաղաքագէտ մը:

…Կիրակի, յունիս 7-ին, մտահոգ եւ այլանդակ նայուածք մը ունէր «Հիւանդ մարդը»` Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:

 

Նախորդը

Նոր Թատերաբեմը Թուրքիոյ Մէջ

Յաջորդը

1920 Թ. Ապրիլի 23. Քրիստոնեաների Գերեզմանոցի Վրայ Ստեղծուած` Ցեղասպանների Խորհրդարանը

RelatedPosts

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

Յուլիս 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

Յուլիս 6, 2019
Դաշնակցական   Մամուլը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Վահան Խորէնի (Տէր Գէորգեան) (1884-1920)

Յուլիս 6, 2019

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In