Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Թատերաբեմը Թուրքիոյ Մէջ

Յունիս 16, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

6-16-15_turkey1

Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները տակաւին չեն յայտարարուած. այնուամենայնիւ, քաղաքական թատերաբեմի ուրուագիծը յստակ կը թուի ըլլալ այս կէտին վրայ: Էրտողան չէ յաջողած Ազգային Մեծ ժողովէն դուրս պահել Սալահէտտին Տեմիրթաշի նոր կուսակցութիւնը` ԺԴԿ-ն:

6-16-15_turkey2

Քուէներու երկու երրորդի հաշուառումը ցոյց կու տայ, որ Տեմիրթաշ արդէն ճեղքած է 10 առ հարիւրի պայմանական շեմը եւ կը պատրաստուի տեղ գրաւել նոր խորհրդարանէն ներս: Իսկ Էրտողանի կուսակցութիւնը` ԱԲԿ, որ 2002-էն ի վեր կը տիրապետէր երկրի քաղաքական դաշտին, դեռ չէ հասած իսկ 45 առ հարիւրի մակարդակին: Մեծ պարտութիւն մը, արդարեւ, նախագահ Էրտողանի համար եւ մեծ հարուա՛ծ մը` իր հեղինակութեան:

6-16-15_turkey3

Այս բոլորէն կը հետեւի, որ կը գտնուինք Թուրքիոյ քաղաքական դաշտի վերադասաւորման նախօրեակին: Ճիշդ է, որ Էրտողանի կուսակցութիւնը վարչապետ Տաւութօղլուի գլխաւորութեամբ պիտի շարունակէ ըլլալ մեծամասնական ուժը Ազգային Մեծ ժողովէն ներս եւ սակայն իր զեղչուած ուժականութեամբ ան պիտի ստիպուի փնտռել գործակցութիւնը իր հակառակորդներուն: Անոնցմէ առաջինը Քիլիճտարօղլուի քեմալիստներն են (ՀԺԿ), որոնք հաւանաբար պիտի գրաւեն (ինչպէս նախապէս) երկրորդ տեղը խորհրդարանին մէջ: Այս վերջինին կը յաջորդեն Պահչելիի ծայրայեղ աջակողմեան ազգայնականները (ԱՇԿ), որոնք, ըստ դիտողներու, վերջերս մերձեցման որոշ տրամադրութիւն կը ցուցաբերեն Էրտողանի կուսակցութեան նկատմամբ: Էրտողան եւ Տաւութօղլու պիտի ուզե՞ն դաշնակցիլ այս երկու ուժերէն մէկնումէկուն հետ: Եւ յատկապէս որո՞ւ, եւ` ի՞նչ առաջնահերթութեան համար, ի՞նչ գնով…

Էրտողանի կուսակցութեան առաջնահերթ խնդիրն է այսօր խորհրդարանէն կորզել իրենց կողմէ առաջարկուած սահմանադրական փոփոխութիւններու փաթեթը, որուն շնորհիւ ԱԲԿ ինքզինք կը հաստատէ որպէս լայն լիազօրութիւններով գործող միահեծան նախագահական ուժ: ԱԲԿ կրնա՞յ այս բանը իրագործել համաձայնութեան եզրեր գտնելով իր վերոյիշեալ հակառակորդներուն հետ եւ բանալի դիրքեր զիջելով անոնց: Թուրքիոյ ներքին քաղաքական դաշտը պիտի բիւրեղանա՞յ, թէ՞ աւելի եւս պիտի պղտորի նմանօրինակ մէկ դաշինքով: Քրտական խնդիրը կ՛երթայ դէպի նոր բեւեռացումներո՞ւ, թէ՞ դէպի նոր համակեցութիւն: Եւ վերջապէս, ի՞նչ բանի կը յանգի Էրտողանի «օսմանականութեան» տարածաշրջանային քաղաքականութիւնը այս բոլորէն ետք… եւ ինչպիսի՞ յենարաններու կրնայ ապաւինիլ Էրտողան Արեւմուտքի եւ Ռուսիոյ մէջ:

Պէտք չէ անշուշտ բացառել հաւանականութիւնը Տեմիրթաշի հետ ուղիղ հաշուի նստելու էրտողանեան նախաձեռնութեան մը: Էրտողան կրնայ նախ փորձել խաղաքարտերը խառնել` հարցականի տակ առնելով ԺԴԿ-ի քուէն` դիմելով Սահմանադրական դատարան: Այդ բանին գինը շատ բարձր է եւ յաջողութիւնը` լրջօրէն խնդրական: Էրտողան կրնայ նաեւ փորձել իր նոր խաղին մէջ ներքաշել ԺԴԿ-ն… Այս մէկը բոլորովին նոր եւ ականուած փորձադաշտ մըն է քիւրտերու այսօրուան ղեկավարութեան համար: Իրականութեան մէջ ասիկա քիւրտերու քաղաքական հասունութեան իսկական վայրկեանն է: Ճշմարտութեա՛ն վայրկեանը: Տեմիրթաշ պիտի կրնա՞յ մնալ սեւեռուած մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան ի խնդիր մղուող պայքարի իր դիրքերուն վրայ: Պիտի կրնա՞յ ուժի նոր խարիսխ մը ձեւաւորել Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին մէջ: Պիտի կրնա՞յ բանալ Թուրքիան նոր փորձի եւ նոր չափանիշներու համար: Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան թատերաբեմը իսկապէ՞ս պիտի ըլլայ նոր, թէ՞ պիտի շարունակէ ցոլացնել վերջին 150 տարուան ընթացքին դրսեւորուած Թուրքիոյ բոլոր մութ բնազդները:

Եւ Տեմիրթաշ ի վերջոյ ո՞ր Թուրքիոյ մաս պիտի կազմէ:

 

 

 

Նախորդը

Քեսապի Ազատագրութեան Առաջին Տարեդարձի Նախօրէին

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արդար Եւ Բարգաւաճ Ընտրութիւններ… Էրտողան Չկրցաւ Մեծամասնութիւն Կազմել

RelatedPosts

Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

Յուլիս 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

Յուլիս 6, 2019
Դաշնակցական   Մամուլը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Վահան Խորէնի (Տէր Գէորգեան) (1884-1920)

Յուլիս 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?