Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանական Կողմը Ունի Երեք Օր` Հայ Աշակերտներուն Ապահովութեան Երաշխիքներ Տալու Համար

Յունիս 13, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-12-15_4orՀայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան նախարարութիւնը միջազգային ֆետերասիոնէն  հրաւէր ստացած է` մասնակցելու Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք աշակերտական միջազգային ողիմպիականին «տարրաբանութիւն» դասանիւթով: Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան նախարարութիւնը իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է մասնակցելու այդ ողիմպիականին, որովհետեւ կարեւոր կը նկատէ հայ աշակերտներու դրսեւորուելու կարելիութիւնը:

Լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին կրթութեան նախարար Արմէն Աշոտեան ըսաւ. «Հայ աշակերտները, ամէն տարի մասնակցելով նման ողիմպիականներու, լաւ ցուցանիշներ կ՛արձանագրեն: Մենք չցանկալով երեխաները զրկել նման առիթէ, որոշած ենք մասնակցիլ այդ ողիմպիականին: Սակայն յայտնի պատճառներով աշակերտներուն ապահովութեան, կեանքին եւ առողջութեան պահպանման համար` պետական մակարդակով երաշխիքներ պէտք են: Ես դիմեցի միջազգային ֆետերասիոն համապատասխան գրութեամբ` ազրպէյճանական կողմէն պահանջելով երաշխիքներ: Այս պահու դրութեամբ մենք ազրպէյճանական կողմէն պետական ապահովութեան երաշխիքներու մասին հաւաստում չենք ստացած, եւ ասիկա կտրուկ կերպով կը նուազեցնէ մեր մասնակցութեան կարելիութիւնը, որովհետեւ արձանագրուելու վերջին պայմանաժամը 15 յուլիսն է»:

Նախարարը աւելցուց, որ եթէ հայ աշակերտները չմասնակցին միջազգային այդ մրցումին, ատիկա կը դիտարկուի իբրեւ աշակերտներու կրթական իրաւունքի իրագործման սահմանափակում:

Արմէն Աշոտեան նշեց, որ միջազգային հարթակներու մէջ հայկական կողմը պիտի ահազանգէ ատոր մասին, եթէ մինչեւ վերջին պայմանաժամը Ազրպէյճան շարունակէ իր ոչ կառուցողական կեցուածքը:

«Եթէ Ազրպէյճան կը յաւակնի կազմակերպել միջազգային մակարդակի մրցում` կրթական, թէ մարզական, ուրեմն միջազգային ատեաններուն  պարտականութիւնն է, որ պաշտօնական Պաքուէն երաշխիքներ տրուին մեր երեխաներուն համար», ըսաւ նախարարը` շեշտելով, որ հայկական կողմը նման նախաձեռնութիւններու ժամանակ միշտ կը հրաւիրէ Ազրպէյճանը եւ կու տայ ապահովութեան երաշխիքներ:

 

 

Նախորդը

Հայաստան – Պելճիքա Գործարար Համաժողով` Պրիւքսէլի Մէջ

Յաջորդը

Վարդանեան. «Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը Կը Փորձէ Մինսքի Խմբակի Ծիրէն Դուրս Արցախի Հարցով Ստեղծել Նոր Ձեւաչափ, Որ Անընդունելի Է»

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Յայտարարութիւն. Ահաբեկչութեան Կազմակերպման Մասին Պնդումները Ի Սկզբանէ Եղած Են Անհիմն

Յուլիս 14, 2025
Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով  Կը Շարունակեն Նստացոյցը
Հայկական

Արցախահայերը Երկրորդ Օրն Ըլլալով Կը Շարունակեն Նստացոյցը

Յուլիս 14, 2025
Ըստ Հայաստանի Արտաքին  Գործոց Նախարարութեան.  Պաքուն Ամէն Ինչ Պիտի Ընէ ՔՈՓ29-էն Ետք  Նոր Նախայարձակումի Համար
Հայկական

Բադալեան. «Երեւան Ապու Տապիի Հանդիպումը Կը Նկատէ Յաջող, Եւ Կը Հաստատենք, Որ Անիկա Կրնայ Խաղաղութեան Հոլովոյթի Հետագայ Իրականացման Լուրջ Հիմք Հանդիսանալ»

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?