Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ ՍՏԵՂԾՈՂ ԼՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

August 12, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով իր մէկ անանուն աղբիւրը, կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի յուլիսին Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին ուրուագծուած է Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի ապագայ քարտէս մը: Խօսքը հաւանաբար քանի մը տարի առաջ շրջանառութեան մէջ դրուած Նոր Միջին Արեւելքի ծրագիրին մասին է:

Կը նախատեսուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումէն ետք ոչ միայն շրջանին մէջ խաղաղապահներ տեղակայել, այլ նաեւ` հակամարտող կողմերուն տարածքային եւ հաղորդակցութեան փոխհատուցումներ կատարել: Աւելի՛ն. Քլինթըն Անգարային յիշեցուցած է, որ «մենք (Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքան) Հայաստանին պարտական ենք այն ինչ որ նախագահ Ուիլսընը խոստացած է»: «Ռեկնում»ի աղբիւրը կը նշէ, որ ամենայն հաւանականութեամբ խօսքը հայ-թրքական արձանագրութիւններու վաւերացումէն եւ սահմաններու բացումէն ետք Հայաստանին դէպի Տրապիզոնի նաւահանգիստ տարանցիկ միջանցքի մը տրամադրման մասին է:

Սեւրի դաշնագիրին եւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի 91-ամեակին զուգադիպող այս տեղեկատուութիւնն ու անոր թայմինկը հարցականներ կը ստեղծեն:

Երբ կը խօսուի ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ խաղաղապահ ուժերու տեղակայման մասին, ակնարկութիւն կը կատարուի հայկական կողմէն հողային զիջումներու, որոնք, ըստ այս ծրագիրին, կ՛երեւի պիտի հատուցուին Հայաստանին տրամադրուած դէպի Սեւ ծով ելքով մը: Յստակ չէ, թէ Թուրքիան դէպի Տրապիզոնի նաւահանգիստ Հայաստանին տարանցիկ միջանցք մը «տրամադրելուն» փոխարէն ի՛նչ պիտի ստանայ: «Տրամադրել» բառը ինքնին բարացուցական է եւ գերիշխանութեան զիջում ու արդարութեան վերականգնում չ՛ենթադրեր: Թերեւս ծրագիրը յղացողները Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրումն ու Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը հարցականի տակ առնող յանձնախումբի կազմութիւնը Թուրքիոյ համար բաւարար շահ կը նկատեն, ուստի փոխարէնը Անգարայէն ձեւական ու ժամանակաւոր զիջում մը կը պահանջեն: Սակայն այդ պահանջը կը հակասէ նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի տառին ու ոգիին: Այդտեղ Հայաստան հողեր կը ստանայ եւ ոչ թէ անոր ժամանակաւոր միջանցք մը կը տրամադրուի: Այդտեղ արդարութիւն կը վերականգնի եւ ոչ թէ բարեգործութիւն կը կատարուի:

Հարցականներ կը ստեղծէ նաեւ տեղեկատուութեան մէջ նշուած «Մեծն Ազրպէյճան»ի ստեղծման ծրագիրը: Արդեօք ի՞նչ կը նշանակէ այդ չարագուշակ եզրը: Ծանօթ է, որ ազրպէյճանցիք Լեռնային Ղարաբաղը իրենց հողային տարածքը կը նկատեն, ուստի հարցը ազրպէյճանական տեսանկիւնէն դիտելով կարելի է ըսել, թէ խօսքը Ղարաբաղի կցման մասին չի կրնար ըլլար, այլ` Ազրպէյճանի տարածքին վրայ Հիւսիսային Իրանի կամ Մեղրիի եւ Զանգեզուրի նման շրջաններու յաւելման մասին:

«Ռեկնում»ի այս լուրը կրնայ հաւաստի կամ պարզապէս ապատեղեկատուութիւն մը ըլլալ: Յառաջիկային ամէն բան կը յստականայ: Ի վերջոյ, չկայ ծածուկ բան մը, որ չյայտնուի:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

 

Նախորդը

ԼՈՒՐԵՐ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ. «ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ» ՆԻՒԹՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ` ԹԵՆԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.