Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼՈՒՐԵՐ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ. «ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԸ» ՆԻՒԹՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ-ԶՐՈՅՑ` ԹԵՆԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

August 12, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նարեկ սրբազան եւ Թենի Սիմոնեան` հանդիպում-զրոյցին ընթացքին

Երկուշաբթի, 8 օգոստոս 2011-ին, դպրեվանքին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյցի երեկոյ մը` նուիրուած «Միջեկեղեցական շարժումը» նիւթին, որուն ներկայ գտնուեցան միաբան հայրեր եւ դպրեվանքի սաներ:

Բացման խօսքը արտասանեց դպրեվանքի տեսուչ` Նարեկ արք. Ալեէմեզեան, որ ընդգծեց միջեկեղեցական շարժումին ծանօթացման կենսականութիւնը դպրեվանեցիներու կազմաւորման մէջ եւ ներկայացուց օրուան զրուցավար Թենի Սիմոնեանը:

Սիմոնեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, եւ ըսաւ, թէ այս սրբազան յարկին տակ դարձեալ գտնուելով` վեհափառը գեղեցիկ առիթը կ՛ընծայէ իրեն միջեկեղեցական ծառայութեան դաշտի իր հունձքերէն դպրեվանեցիներուն հրամցնելու: Ապա, ան հակիրճ կերպով ներկայացուց միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն տեղը ներկայ աշխարհի մարտահրաւէրներուն դիմաց, մասնաւորաբար շեշտելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բերած եզակի եւ գործօն մասնակցութիւնը Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդին: Սիմոնեան կարեւորութեամբ  շեշտեց, որ միջեկեղեցական շարժումը եկեղեցիներուն իրարու հետ ըլլալու, իրարմով հարստանալու եւ միասնաբար համայնական հարցերը դիմագրաւելու շարժումն է` խարսխուած Քրիստոսի եկեղեցւոյ երեւելի միութեան հրամայականին վրայ:

Զրոյցը ընդլայնեցաւ հարց-պատասխանի ձեւով եւ Թենի Սիմոնեան իր անձնական փորձառութիւնը կիսելով դպրեվանեցիներուն հետ պատասխանեց անոնց ուղղած հարցումներուն եւ քաջալերեց զիրենք մասնակցելու միջ-եկեղեցական շարժումին: Ան զրոյցը եզրակացուց ըսելով. «Միջեկեղեցական  շարժումին մասնակցութիւնը ինծի համար մեծ դպրոց մը եղաւ` աւելի լաւ ճանչնալու եկեղեցիս եւ ազգս»:

Նախորդը

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ 5-ՐԴ ԽԱՂԵՐ. 125 ՔԱՂԱՔ, 3125 ՄԱՍՆԱԿՑՈՂ

Յաջորդը

ՏԵՍԱԿԷՏ. ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐ ՍՏԵՂԾՈՂ ԼՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.