Հայազգի կրանտմասթըր Եւգենիա Տոլուհանովա, որ «Լօ Աքատեմի» (Խարքով) խումբին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ուքրանիոյ ճատրակի խմբային ախոյեանութեան, հանդիսացաւ Ուքրանիոյ ախոյեան, կը յայտնէ Armchess.am:
Տոլուհանովա, որ Խարքովի իրաւաբանական ակադեմիայի ակումբին մաս կը կազմէ, ճակատեցաւ միայն տղոց դէմ:
Ան առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովեց 6 կէտ: