Իր լուրը քաղելով «Պասնիւզ»-էն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ քիւրտ գործարար Եահիա Քուրտի, որ անցեալին կը փորձէր ձեռք ձգել անգլիական Լիվըրփուլը եւ իտալական Վիչենցան, այժմ կեդրոնացած է սպանական ակումբի մը վրայ:
Խումբին անունը չի հրապարակուիր, սակայն Քուրտի յոյս կը յայտնէ, որ շուտով ատիկա իրականութիւն պիտի դառնայ, եւ երբ ինք այդ ակումբին բաժնետոմսերը ամբողջութեամբ ձեռք ձգէ, անոր անունը շուտով պիտի յայտարարէ:
Նշենք, որ Քանատայի մէջ բնակող Եահիա Քուրտիի հայրը քիւրտ է, իսկ մայրը` հայ:
Երիտասարդ տարիքին ան հանդէս եկած է արաբական տարբեր ախոյեանութիւններուն մէջ: