Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մարդկային Իրաւանց Կազմակերպութիւնը «Արմէն Ճամբար»-ը Հայերուն Վերադարձնելու Համար Պիտի Դիմէ Եւրոպական Խորհուրդին

Յունիս 5, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-04-15_Camp-Armen«Արմէնփրես» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի Խտրականութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի կոմիտէի ներկայացուցիչ Մերալ Չըլտըր Պոլսոյ հայկական «Արմէն ճամբար» անունով յայտնի որբանոցը վերադարձնելու համար դիմադրութիւն կազմակերպած «Նոր Զարթօնք» նախաձեռնութեան հրաւիրած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ իր կազմակերպութիւնը ճամբարը հայ համայնքին վերադարձնելու համար պիտի դիմէ Եւրոպական խորհուրդին:

Թէեւ նախապէս յայտարարուած էր, որ հայկական որբանոցը կը վերադարձուի հայերուն, սակայն այս ուղղութեամբ որեւէ յստակ քայլ մինչեւ օրս չէ առնուած, ինչ որ դրդած է մարդու իրաւունքներու հարցերով զբաղող կազմակերպութեան բարձրացնել «Արմէն ճամբար»-ը հայ համայնքին վերադարձնելու հարցը:

«Մենք կ՛ողջունենք «Արմէն ճամբար»-ի դիմադրութիւնը կազմակերպած «Նոր Զարթօնք»-ը, այդ դիմադրութեան ոգի տուող Թուրքիոյ հայ համայնքը, անոնց աջակցող, այցելող, պայքարը աւելի մեծցնող ոեւէ մարդ: Մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան պատմութեան մէջ «Արմէն ճամբար»-ը յատուկ տեղ ունի: Հրանդ Տինք 1996-ին մեզ պարգեւատրեց, դռները մեր առջեւ բացաւ, որբանոցի պատմութիւնը մանրամասնութեամբ պատմեց: Անոր տուած լուսանկարներով եւ պատմութեամբ պատրաստած նիւթերով այդ տարի «Թուզլայի հայկական մանկական ճամբարը. Բռնագրաւման պատմութիւն մը» խորագիրով բացինք ցուցահանդէս մը, որ տարինք մինչեւ Անգարա: Սակայն մէկ շաբաթ նախատեսուած ցուցադրութիւնը ժամանակէն առաջ ստիպուած փակուեցաւ», պատմած է Չըլտըր` նշելով, որ անյայտ անձեր եկած եւ բռնագրաւած էին ցուցադրութեան համար նախատեսուած բոլոր նիւթերը` խափանելով ցուցահանդէսը:

«Նոր Զարթօնք»-ի հրաւիրած հաւաքին ընթացքին նշուած է, որ թէեւ յայտարարուած էր, որ «Արմէն ճամբար»-ը վերադարձուած է հայերուն, սակայն ատիկա իրականութեան չի համապատասխաներ, որովհետեւ որեւէ յստակ քայլ մինչեւ օրս չէ կատարուած: «Այստեղէն կը յայտարարենք, որ մեր պատրաստած փաստաթուղթերով պիտի դիմենք Եւրոպայի խորհուրդին, Թուրքիոյ Հանրապետութեան դէմ պաշտօնապէս բողոք պիտի ներկայացնենք», յայտնած է Մերալ Չըլտըր:

 

Նախորդը

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Միջազգային Ֆալքոն Շարժման Սեմինարներուն

Յաջորդը

Ստեփանակերտի Օդակայանէն Առայժմ Միայն Փոքր Օդանաւեր Թռիչք Կ՛առնեն

RelatedPosts

Պատգամաւոր Մհեր Սահակեան Ձերբակալուեցաւ
Հայկական

Պատգամաւոր Մհեր Սահակեան Ձերբակալուեցաւ

Ապրիլ 1, 2023
Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Նախագահը Հրաւիրած Է Անվտանգութեան Խորհուրդի Ընդլայնուած Արտահերթ Նիստի

Ապրիլ 1, 2023
Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Ազրպէյճանի Տարածքէն Մեր Դէմ Իսրայէլի Սադրանքներուն Նկատմամբ Լուռ Պիտի Չմնանք»

Ապրիլ 1, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In