Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երեւանի Ջէկ»-ը Մտադիր Չէ Ելեկտրականութեան Սակը Բարձրացնել

June 5, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-04-15_yerevan«Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութենէն բացի, Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնախումբին դիմում ներկայացուցած են 7 ընկերութիւններ, որոնցմէ է «Երեւանի ջերմաելեկտրակեդրոն» ընկերութիւնը:

«Երկիր»-ին հետ զրոյցին մէջ  ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Յովակիմ Յովհաննիսեան նշեց, որ իրենց ընկերութիւնը մտադիր չէ սակը  բարձրացնել: «Յստակօրէն կ՛ըսենք, որ մենք սակի փոփոխութիւն չենք նախատեսեր եւ նման մտադրութիւն չունինք», ըսաւ ան:

Միաժամանակ, Յովակիմեան յայտնեց, որ սակը կախուած չէ մարդոց ընկերային վիճակէն, եւ թէ ամէն ապրանք եւ ծառայութիւն իր գինը ունի, թէեւ ընդունեց, որ երկրին մէջ ընկերային վիճակը վատ է: Յովակիմեան նշեց, որ իրենց արտադրութեան 90 առ հարիւրը կազի գինը կը կազմէ:

«Անցեալ տարի մեր ընկերութիւնը կանգնեցաւ  տոլար-դրամ տատանումներու խնդիրին առջեւ, որովհետեւ մեր համաձայնագիրները` բնական կազի համար, կնքուած են տոլարով վճարման պայմանով: Տատանումներու ժամանակ ընկերութիւնը 930 միլիոն դրամի վնաս կրեց, այլ ֆինանսաւորման աղբիւր չկայ, եւ բոլոր առարկայական վնասները կը ծածկուին սպառողի հաշուոյն, եւ ասիկա բացասաբար կ՛անդրադառնայ կեանքի մակարդակին վրայ», ըսաւ «Երեւանի ՋԷԿ»-ի տնօրէնը` նշելով, որ կարծիք չի կրնար յայտնել «Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր» ընկերութեան ներկայացուցած դիմումին մասին, որովհետեւ  մանրամասնութիւններուն տեղեակ չէ, թէ ինչի հաշուոյն անոնք կ՛ուզեն ելեկտրականութեան հոսանքի գինը բարձրացնել: Ի դէպ, նոյն այդ ընկերութիւնը  բաւական գումարներ պարտական է «Երեւանի ՋԷԿ»-ին:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինք իբրեւ  արտադրող կը հասկնա՞յ բողոքի այն ալիքը, որ կրնայ առաջացնել ելեկտրականութեան հոսանքի գինի բարձրացումը, Յովակիմ Յովհաննիսեան  պատասխանեց. «Մասամբ կը հասկնամ, բայց միւս մասով չեմ հասկնար. պէտք չէ ժողովուրդը գրգռել, որովհետեւ ատիկա արհեստականօրէն ժողովուրդը գրգռելու տարբերակ է»:

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Բանակին Յանձնեց Արսալը Ազատագրելու Պարտականութիւնը

Յաջորդը

Իրան – Հայաստան Կազատարի Մեղրի-Քաջարան Հատուածը Կը Վաճառուի «Կազփրոմ Արմենիա»-ին

RelatedPosts

Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Պաքուի Մէջ Քննարկած Է Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցը

February 12, 2026
Փելոսի. «Խորապէս Հիասթափեցնող Է, Թէեւ Ոչ Զարմանալի, Տեսնել, Որ Փոխնախագահ Վանս Կը Ջնջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճշմարտութիւնը Ճանչցող Գրառումը»
Գլխաւոր լուրեր

Փելոսի. «Խորապէս Հիասթափեցնող Է, Թէեւ Ոչ Զարմանալի, Տեսնել, Որ Փոխնախագահ Վանս Կը Ջնջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճշմարտութիւնը Ճանչցող Գրառումը»

February 12, 2026
Անդրադառնալով Վանսի Այցելութեան`  Փեսքով. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Գերիշխան Պետութիւններ Են Եւ Տարբեր Պետութիւններու Հետ Յարաբերութիւններ Մշակելու Գերիշխան Իրաւունք Ունին»
Հայկական

Անդրադառնալով Վանսի Այցելութեան` Փեսքով. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Գերիշխան Պետութիւններ Են Եւ Տարբեր Պետութիւններու Հետ Յարաբերութիւններ Մշակելու Գերիշխան Իրաւունք Ունին»

February 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.