
Երէկ` չորեքշաբթի, 3 յունիսին, Ամմանէն (Յորդանան) Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:
Արեւմտեան Ասիոյ 13-րդ ախոյեանութեան տիտղոսակիր լիբանանցի մարզիկները արժանացան շատ մեծ ընդունելութեան` օդակայանին պատուոյ սրահին մէջ:
Ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարին ներկայացուցիչը, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասար, ֆետերասիոնին անդամները, ակումբներու պատասխանատուներ, ազգային խումբի գլխաւոր հովանաւոր «Սանիթա» ընկերութեան պատասխանատուներ, մարզիկներուն ծնողները, ընտանեկան պարագաները, մարզական լրագրողներ եւ այս մարզով հետաքրքրուած մեծ թիւով համակիրներ:
Կարգ մը պատասխանատուներ իրենց արտասանած խօսքերուն մէջ դրուատեցին մարզիկներուն այս յաջողութիւնը եւ շնորհաւորեցին ազգային խումբին Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան հանդիսանալը` մաղթելով, որ խումբը ամէն գնով ապահովէ Ռիօ տը Ժանէյրոյի ողիմպիական խաղերուն իրենց տոմսը: