Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am կը հաղորդէ, որ հայ ճատրակ խաղացող Սպարտակ Գրիգորեան առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով հանդիսացած է Գերմանիոյ պատանիներու ախոյեան` 18 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի ունեցած է գերմանական Ուիլինկեն քաղաքին մէջ: