Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 3, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴԱՏԱԿԱՆ իշխանութեանց ոստիկանութեան ահաբեկչութեան եւ ոճրագործութեան դէմ պայքարող գրասենեակը Աքքարի մէջ ձերբակալած է Օ. Թ. անուան սկզբնատառերը կրող լիբանանցի քաղաքացի մը, որ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ընդունեց պապական պատուիրակ, Վատիկանի Արդարութեան պալատի նախագահ կարտինալ Տոմինիք Մոմպերթին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիայի:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ Պեքաայի վերեւ թռիչքներ գործեց` հասնելով մինչեւ Պաալպեք:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ իրենց համար կարեւոր չէ կառավարութեան պառակտումը` ընդգծելով, որ թէ՛ նախագահական ընտրութեան եւ թէ՛ ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումին առումով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքները վերադարձնելու պայքար կը մղէ:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ հաստատեց, որ կառավարութիւնը պահպանելու համար անհրաժեշտ է քաղաքական ամբողջական համախոհութիւն գոյացնել:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք շեշտեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնին նշանակումին մասին պիտի խօսի հազարապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուսի պաշտօնավարութեան վերջին մէկ ժամուան ընթացքին:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Պուլոս Սայյահ եպիսկոպոս յայտնեց, որ Պքերքէ յաջողած է Պէյրութի նաւահանգիստի Դ. նաւամատոյցին թղթածրարը հասցնել իր յաջող աւարտին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի անհրաժեշտ նկատեց, որ կառավարութիւնը եւ լիբանանեան պետութիւնը գիտակցին Արսալի մէջ տիրող իրավիճակին վտանգաւորութեան:

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Ֆորէյն Փոլիսի» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա հիմնական դերակատարութիւն ունի շրջանին դիմագիծը ճշդելու իմաստով:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը շեշտեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը վտանգ կը սպառնայ Լիբանանին եւ քրիստոնեաներուն ապագային:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը պիտի սահմանափակէ կառավարութեան աշխատանքային կարողութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը կանաչ լոյս ունի` ամբողջ Լիբանանի տարածքին կատարելու այն, ինչ որ յարմար կը տեսնէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ համաձայնութիւններու դռները տակաւին բաց են` ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումին իմաստով:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ժապհաթ Նուսրայի մօտ գտնուող առեւանգուած բանակայինները մօտիկ ապագային ազատ պիտի արձակուին:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին յայտնեց, որ Մարատա հոսանքը կը զօրակցի ապահովական կառոյցներու պետերուն նշանակումին, իսկ եթէ նշանակումներ չկատարուին, ապա հոսանքը կը զօրակցի ներկայ պետերուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Արսալի մէջ կը տիրեն խաղաղ պայմաններ` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը Արսալի մէջ ներկայութիւն է եւ շրջանին ապահովութիւնը հարիւր առ հարիւր իր հակակշիռին տակ առած է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի կոչ ուղղեց յստակ եւ վերջնական որոշում տալու` Արսալը իր բարձունքներէն անջատելու իմաստով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններու պարագային կը պակսի միայն այն, որ անոնք Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի հետ դաշինք ստորագրեն:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը կը հովանաւորէ Արսալի մէջ գտնուող ահաբեկչական այն ուժերը, որոնք կը սպառնան իրենց շրջակայքին:

ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ Լիբանանի, լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան հողերուն վրայ ապրող բոլոր քաղաքացիներուն ապահովութիւնը կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ կոչ ուղղեց որդեգրելու «Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» տարազը, որ կ՛երաշխաւորէ Լիբանանի դէմ յարձակում գործել փորձող զինեալներուն ջախջախումը:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարական հիւանդանոցներուն 24 միլիառ լ. ոսկիի յատկացում պիտի տրուի` աւելցնելով, որ նիւթական այդ օժանդակութիւնը հետագային 90 առ հարիւրի պիտի բարձրանայ:

 

 

 

Նախորդը

Հուսիները Ձերբակալած Են Թրքական Եւ Քաթարական Գաղտնի Սպասարկութիւններու Գործակալներ

Յաջորդը

Ռիֆի Ընդունեց Արսալի Մէկ Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Ձմեռնային Ժամանակացոյց
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին.  Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է  Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումին. Հաժժար. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Պատրաստ Է Անկողմնակալ Եւ Թափանցիկ Երեսփոխանական Ընտրութիւններու

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ
Լիբանանեան

Թրամփ Կը Բացայայտէ Իր Ուղղակի Դերակատարութիւնը Հըզպալլայի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումներուն Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?