Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուքպել Այցելեց Աուտէ Եպիսկոպոսին Եւ Զօր. Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Բանակին Կարիքները

Յունիս 2, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Մուքպել եւ Աուտէ եպիսկոպոս
Մուքպել եւ Աուտէ եպիսկոպոս

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Մուքպել շեշտեց, որ պէտք է ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնին նշանակումը անջատել լիբանանեան բանակի հրամանատարին եւ սպայակոյտի պետին նշանակումէն:

Մուքպել հաստատեց, որ ինք բանակի նոր հրամանատարի նշանակումին համաձայն է, սակայն պաշտօնին թափուր մնալուն պարագային ինք կը զօրակցի ներկայ հրամանատարին պաշտօնավարութեան երկարաձգումին:

Մուքպել այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան բանակին կարիքները, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ տիրող ապահովական կացութիւնը, յատկապէս արեւելեան լեռնաշղթայի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ:

Մուքպել Եարզէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց տեղական եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ուահապ շեշտեց, որ իրենք կը մերժեն Արսալը թիրախ դարձնել` յուսալով, որ Արսալի գծով ոչ ոք յարանուանական սադրանքներ պէտք է նախապատրաստէ, այլ` զօրակցի բանակին, որ կը դիմադրէ ահաբեկչութեան եւ կը դիմագրաւէ Լիբանանը պաշտպանելու սպառնալիքը:

Պատասխանելով լրագրողներուն ուղղած մէկ հարցումին` Ուահապ յայտնեց, որ ինք կը մերժէ Պէյրութի նաւահանգիստին Դ. նաւամատոյցին փակումը:

 

Նախորդը

Դոկտ. Մարալ Կիտանեան Վերընտրուեցաւ Եւրոպական-Միջերկրականեան Երկիրներու Համագործակցութեան Խորհուրդի Նախագահ

Յաջորդը

Պըրրի Ընդունեց Զահլէի Երեսփոխանական Պլոքի Մէկ Պատուիրակութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?