
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց պապական պատուիրակ, Վատիկանի Արդարութեան պալատի նախագահ կարտինալ Տոմինիք Մոմպերթին` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիայի:
Հանդիպումէն ետք կարտինալ Մոմպերթի նշեց, որ Պասիլի հետ քննարկած է շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները` ընդգծելով, որ Վատիկանը Լիբանանի նկատմամբ յատուկ սէր եւ գուրգուրանք կը տածէ, յատկապէս նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող ազգային համերաշխութիւնը եւ տարբեր համայնքներուն միջեւ գոյակցութիւնը:
Կարտինալ Մոմպերթի շեշտեց, որ միջազգային ընտանիքը մտահոգ է լիբանանեան սահմանադրական կառոյցներով:
Ան նշեց, որ Ֆրանչիսկոս պապը այս տարուան ընթացքին Լիբանան այցելութեան ծրագիր չունի, սակայն պապը ինքզինք շատ մօտիկ կը զգայ լիբանանցիներէն, եւ ան պահանջեց, որ այդ պատգամը անպայման փոխանցեմ լիբանանցի ժողովուրդին»:
Պասիլի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ պատուիրակ Սիկրիտ Քաակը, որ յայտնեց, թէ Պասիլի հետ քննարկած է Լիբանանին տրամադրուած միջազգային օժանդակութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութիւնը:
Քաակ Պասիլի հետ քննարկած է նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը, հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը եւ լիբանանեան գերիշխանութեան սպառնացող վտանգները: Ան ընդգծեց, որ ՄԱԿ-ի համար Լիբանանի գոյութիւնը առանցքային է եւ միացեալ Լիբանանը շատ կարեւոր է:
Քաակ շեշտեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կ՛ողջունէ Լիբանանի կառավարութեան ի գործ դրած ջանքերը` երկրին միասնականութիւնն ու լիբանանեան հողային ամբողջականութիւնը պահպանելու իմաստով:


