«Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով Պոլսոյ ահաբեկչութեան եւ կազմակերպուած յանցագործութեան դէմ պայքարի վարչութեան կողմէ շարունակուող քննութեան ծիրին մէջ ձերբակալուած է սպանութեան ատեն Պոլսոյ հետախուզութեան բաժինի պետերէն եղած Ալի Ֆուաթ Եըլմազերը: Ան արդէն հարցաքննուած է:
Դատարանը զինք «յանցագործութիւն կատարելու համար խմբաւորում ձեւաւորելու», «կանխամտածուած սպանութեան օժանդակելու» մեղադրանքներով կալանաւորելու որոշում տուած է:
Եըլմազերի ձերբակալութեամբ Տինքի սպանութեան գործի վերաքննութեան իբրեւ արդիւնք ձերբակալուածներուն թիւը հասաւ հինգի: