Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մայիս 27, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել, հանդիպելէ ետք Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ, լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով ըսաւ. «Չլսեցի զօր. Աունի կոչերը, եւ անոնք կարեւոր չեն ինծի համար, ինչպէս կ՛ըսէ իտալական «Փարոլէ, փարոլէ» երգը»:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իրենք զիրենք չափաւորական կոչող կողմերը կ՛ապաւինին դուրսը գտնուող ահաբեկիչներուն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ռիատ Ռահհալ շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ սուրիական եւ իրանեան վարչակարգերուն ստեղծագործութիւնն է եւ անիկա Հըզպալլայի դաշնակիցն է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար Իպրահիմ Քանաան «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն յայտնեց, որ հակառակորդ քաղաքական ուժերը ժողովուրդէն կը վախնան եւ կը դիմեն սահմանադրութեան, որ շատոնց պատռած են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ եթէ Հըզպալլա իր ընտրանքները պիտի պարտադրէ լիբանանցիներուն, ապա երկխօսութեան կարիք չկայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն կը պահանջուի քրիստոնեաներուն շնորհել իրենց դերակատարութիւնն ու իրաւունքը` իրենց տալիք որոշումներուն մէջ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի շեշտեց, որ հաւատադրժողական զինեալներու խմբաւորումներուն դէմ բախումները պիտի շարունակուին` Լիբանանէն հեռացնելու համար անոնց վտանգը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ Պեքաայի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մոհամետ Եաղի հաստատեց, որ լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթային վրայ իրենք պիտի պատերազմին` առանց սպասելու, որ այդ զինեալները հասնին իրենց բնակարանները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ քրիստոնեաներուն մտահոգութիւնները փարատելը կը սկսի նախագահական ընտրութենէն եւ երեսփոխանական ընտրութեան նոր օրէնք մը մշակելէն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանած վերջին ճառը անճիշդ տեղեկութիւններ եւ սուտասանութիւններ կը բովանդակէ` պետական հաստատութիւններու մակարդակին վրայ:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ շեշտեց, որ կառավարութիւնը լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ կրցած է պարտադրել ապահովական կայունութիւնը:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Ռուսիոյ ղեկավարութիւնը նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիին խոստացած է արագացնել Իրանի հետ իր բանակցութիւնները, որոնք կը վերաբերին Լիբանանի նախագահական ընտրութեան:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ կարգ մը անհրաժեշտ եւ անմիջական օրէնքներու մշակումը կարելի է կատարել, առանց հանրապետութեան նախագահին գոյութեան:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ բանակը Պեքաայի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ ձերբակալած է 90 սուրիացիներ` ահաբեկչական կազմակերպութիւններու անդամակցութեան յանցանքով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի այցելելէ ետք նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկչութեան դէմ Սուրիոյ դիմադրութիւնը կ՛երաշխաւորէ նաեւ Իսրայէլի դէմ արձանագրուելիք յաղթանակը:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ թափուր մնացած նախագահական աթոռը կը սպառնայ Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքին առաջին դիրքին:

 

 

Նախորդը

Ըստ Անգարայի Քաղաքապետին ՔԱԿ-ը Հայկական Կազմակերպութիւն Է

Յաջորդը

«Հաւատադրժողական Ահաբեկչութիւնը Ամերիկեան-Իսրայէլեան Ծրագիր Մըն Է` Քանդելու Համար Երկիրը» Ըսաւ Շէյխ Նայիմ Քասեմ

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?