Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՀԱՊԹՈՒՐ» ՊԱՆԴՈԿԻՆ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱԶԱՏ ՀՈՍԱՆՔ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՆՇԵՑ 1989-Ի «ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄ»ԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

March 14, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Զօր. Աունը` ընթրիքի երեկոյին արտասանած իր ճառին ընթացքին

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան  զօր. Միշել Աուն անցեալ շաբաթավերջին «Հապթուր» պանդոկին մէջ հովանաւորեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ընթրիքի երեկոն, որ նուիրուած էր 14 մարտ 1989-ին զօր. Աունի գլխաւորած զինուորական կառավարութեան կողմէ սուրիական ներկայութեան դէմ շղթայազերծուած «Ազատագրութեան պատերազմ»ի տարեդարձին: Երեկոյին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ զօր. Աուն շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը կարելի է ապազինել միայն երբ վերջ կը գտնեն այն պատճառները, որոնք մղած են այդ զէնքը բարձրացնելու:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ այս պայմաններուն տակ Դիմադրութեան ապազինումը պահանջելը կը ծառայէ թշնամի Իսրայէլի շահերուն:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ Դիմադրութեան զէնքն է, որ միշտ թիրախ կը դառնայ եւ այլոց կողմէ մղում կը տրուի, որ այդ զէնքը օգտագործուի, ինչպէս պատահած էր 7 մայիսին, որուն պատճառը անշուշտ 5 մայիսի որոշումներն էին:

«Աստուած մի՛ արասցէ, որ նման դէպք պատահի, իսկ եթէ պատահի, ապա այդ դէպքը հրահրողները արժանի կ՛ըլլան անոր», ըսաւ ան:

Նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի մասին խօսելով` զօր. Աուն շեշտեց, որ անոր սպանութենէն ետք զայն հազար անգամ եւս սպաննած են` աւելցնելով, որ Հարիրի դարձած է իր ընտանիքին եւ ոչ թէ լիբանանցի ժողովուրդին նահատակը, այնքան որ անոր անունը չարաչար օգտագործուած է:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը հաստատեց, որ Հարիրիի սպանութեան առնչուող սուտ վկաներուն ստեղծման եւ անոնց հարցաքննութեան խոհանոցը Հարիրիի բնակարանն է:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը իր գոյութիւնը կ՛արդարացնէ ՄԱԿ-ի ուխտով, ո՛չ սահմանադրութեամբ եւ ո՛չ ալ արտօնութեամբ, որովհետեւ ժողովուրդ մը իրաւունք ունի իր բոլոր միջոցներով պաշտպանելու իր հողը:

«Հետեւաբար, ո՛չ Միացեալ Նահանգները, ո՛չ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը, ո՛չ Իսրայէլը եւ ո՛չ ալ Միջազգային դատական ատեանը, որուն նպատակն է Դիմադրութեան զինաթափումը, կրնան ապազինել Դիմադրութիւնը, որովհետեւ անոր իրաւունքը կը տրուի ՄԱԿ-ի կողմէ», եզրափակեց զօր. Աուն:

Նախորդը

«ՆԵՐԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԺԽՏԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՉՈՒՆԵՆԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՃԻԳԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ» ՇԵՇՏԵՑ ՊԸՐՐԻ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ, ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԵՒ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐՆԵՐ

RelatedPosts

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ.  Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ  Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Աունին Ուղղած Իր Շնորհաւորական Ուղերձին Մէջ. Թրամփ. «Լիբանանը Դէպի Յաւելեալ Գերիշխանութիւն Եւ Իր Դրացիներուն Հետ Խաղաղութեան Ուղիի Վրայ Է»

November 21, 2026
Ապահովութեան Խորհուրդի Անդամ  Պետութիւններու Ներկայացուցիչները Յառաջիկայ  Շաբաթ Լիբանան Եւ Սուրիա Պիտի Այցելեն
Լիբանանեան

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդ. «Բոլորին Կոչ Կ՛ուղղենք` Թիւ 1701 Որոշումը Գործադրելու»

November 21, 2026
Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց  Արտաքին Ցուցմունքներուն»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Իշխանութիւնը Ընդառաջեց Արտաքին Ցուցմունքներուն»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.