
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Սեքութա յայտարարած է. «Միացեալ Նահանգներ, ըլլալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամ, ջանքեր կը գործադրեն ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար: Ներկայիս մենք կը շարունակենք աշխատիլ այդ ուղղութեամբ»:
Ըստ անոր, համանախագահները բանակցութիւններ կը վարեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հետ այս տարի նախագահներու հանդիպում կազմակերպելու համար:
«Ի վերջոյ պէտք չէ մոռնալ, որ երկու երկիրներու ղեկավարութիւնը պէտք է կամք ցուցաբերէ եւ քայլերու ձեռնարկէ` ձգձգուած տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ համանախագահներուն կողմէ առաջարկուող գաղափարներու հիման վրայ», ըսած է ամերիկացի դիւանագէտը: