Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան երէկ միօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Պաթում, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլիի հետ, կը տեղեկացնեն կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Երկու երկիրներու վարչապետները պիտի քննարկեն երկկողմանի տնտեսական համագործակցութեան զարգացման ու խորացման հետ առնչուող շարք մը հարցեր: