Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաւութօղլու Անձամբ Պիտի Միջամտէ «Արմէն» Ճամբարի Հարցին

May 16, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-15-15_OrphanageՊոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող հայկական «Արմէն» ճամբարին հարցը հասած է պետութեան օրակարգ: Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխանի հայ թեկնածու Մարգար Եսայեան յայտնած է, որ որբանոցի հարցի լուծման մասին արդէն խօսած է վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի հետ եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ սկսած են, կը տեղեկացնէ «Ակօս» թերթը:

Հայկական որբանոցի քանդման ժամանակաւոր դադրեցումէն քանի մը օր ետք` 12 մայիսին տեղի ունեցած է հանդիպում մը, որուն մասնակցած են «Նոր Զարթօնք»-ը, ճամբարի հերթապահողները ներկայացնող Ալեքսիս Քալք, Կետիքփաշայի հայկական բողոքական եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդ վեր. Գրիգոր Աղապալօղլու, եկեղեցւոյ հիմնարկի ղեկավարներն ու հայկական համայնքի փաստաբաններէն Սեպուհ Ասլանկիլ, «Միտքի հարթակ»-էն Յարութ Էօզեր, փոքրամասնութիւններու հիմնարկներու ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, ճամբարին մէջ հասակ նետած Կարապետ Օրունոզ եւ Մարգար Եսայեան:

Եսայեան նշած է, որ շուրջ 4 ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին հիմնարկներու ընդհանուր տնօրէնութեան հետ հարցին լուծում գտնելու կարելիութիւնները քննուած են:

«Անցեալ շաբաթ, իշխող կուսակցութեան կազմակերպած ընթրիքին ընթացքին այս մասին խօսեցայ նաեւ Տաւութօղլուի հետ: Ան ըսաւ, որ անձամբ պիտի միջամտէ այս հարցին», ըսած է Եսայեան` աւելցնելով, որ սեղանին շուրջ եղած են նաեւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

«Տաւութօղլու հրահանգեց եւ Պոլսոյ քաղաքապետը ստանձնեց կատարել: Կապ պիտի հաստատուի որբանոցի սեփականատէրերուն հետ, եւ լուծում պիտի գտնուի», ըսած է Եսայեան:

Շեշտելով, որ այսուհետեւ անկարելի է որբանոցին քանդումը, ան աւելցուցած է. «Ամէնէն բարձր տեղէն Թուզլայի քաղաքապետարանը հրահանգ ստացած է` որբանոցի քանդման աշխատանքները դադրեցնելու, սակայն հիմնադրամը կը փորձէ նաեւ քանդելու արտօնագիրը չեղեալ նկատել տալ»:

«Տաւութօղլու ըսաւ, որ անձամբ պիտի միջամտէ հարցին: Քննարկման ներկայ էին նաեւ քաղաքաշինութեան նախարար Իտրիս Կիւլիւնճէ, Պոլսոյ քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Պոլսոյ վարչութեան նախագահ Սելիմ Թեմուրճի: Անոնք կապ պիտի հաստատեն շինութեան տէրերուն հետ եւ հարցի լուծման բանաձեւ պիտի գտնեն: Եթէ պէտք ըլլայ` գումար պիտի վճարեն անոր, կամ հանրայնացման ճամբով պիտի լուծեն հարցը», ըսած է Եսայեան` նշելով, որ որբանոցի քանդումը այլեւս անկարելի է:

Ընդգծելով, որ այս հարցով պէտք է քաղաքական կամք ցուցաբերել, եւ Տաւութօղլուի հրահանգը շատ կարեւոր նկատած է:

Թուրքիոյ Մէջ «Նոր Զարթօնք»-ի Թուիթըրի Էջը
25
Ապրիլէն Ի Վեր Արգիլուած Է

Թուրքիոյ մէջ հայկական «Նոր զարթօնք» կազմակերպութեան Թուիթըրի էջը 25 ապրիլէն ի վեր արգիլուած է. կը տեղեկացնէ Imctv-ն: Արգիլման պատճառը եղած է «նպատակաուղղուած չարաշահումը»:

Արգիլման մասին կազմակերպութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած է` կոչ ուղղելով աջակցիլ գրաքննութեան դէմ պայքարին: Նշենք, որ «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութիւնը աշխուժ պայքար կը մղէ Թուզլայի հայկական որբանոցի ոչնչացման դէմ:

 

 

Նախորդը

Քալիֆորնիոյ Համալսարանը Հրաժարած Է Թուրքիոյ Մէջ Մեծ Ներդրում Կատարելէ

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Աշխատանքային Այցելութիւն Տուաւ Կոտայք

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.