Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգարայի Մէջ Լիւքսամպուրկի Դեսպանը Կը Պաշտպանէ Ցեղասպանութեան Մասին Բանաձեւ Որդեգրելու Իր Երկրին Խորհրդարանին Քայլը

May 11, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արլեթ Քոնզեմիուս
Արլեթ Քոնզեմիուս

«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Անգարայի մէջ Լիւքսամպուրկի դեսպան Արլեթ Քոնզեմիուս պաշտպանած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ որդեգրելու իր երկրին խորհրդարանին քայլը` ընդգծելով, որ իր երկրին մէջ ժողովրդավարական համակարգ գոյութիւն ունի:

Ան 8 մայիսին Էրզրումի նահանգ այցելութեան ընթացքին լրագրողներուն յայտնած է. «Մեր խորհրդարանին մէջ ժողովրդավարական համակարգ գոյութիւն ունի, եւ մեր օրէնսդիրները ազատ են իրենց կարծիքը արտայայտելու` իբրեւ իրենց ժողովրդավարական իրաւունքը»:

«Լիւքսամպուրկի եւ Թուրքիոյ կառավարութիւններուն միջեւ ուժեղ յարաբերութիւն մը գոյութիւն ունի: Մենք կը ծրագրենք շարունակել այդ ուժեղ յարաբերութիւնը: Ինչպէս նախապէս ըսի, խորհրդարանը ազատ է որոշումներ տալու: Ժողովրդավարութեան պատճառով` ատոր մասին ոչինչ կրնամ ըսել, սակայն Լիւքսամպուրկ կը շարունակէ աջակցիլ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան հետ համարկման հոլովոյթին:

«Պիտի շարունակենք ատոր եւս աջակցիլ: Մենք նաեւ կը ծրագրենք հայ-թրքական յարաբերութեան դիւրացնող մը ըլլալ»:

Միւս կողմէ, Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարար Ժան Ասելպոռն «Լիւքսեմպուրկըր Վորթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ժամանակ նշած է, որ Լիւքամպուրկի մէջ իր դեսպանը տուն կանչելու Անգարայի որոշումը իրենց համար անակնկալ մը չէր եւ ատիկա բողոք յայտնելու ամէնէն հասարակ ձեւն է:

«Չեմ կարծեր, որ այդ քայլով Թուրքիոյ եւ Լիւքսամպուրկի յարաբերութիւնները էականօրէն կը վատթարանան: Մեր երկիրները փոխադարձ կապերու մէջ են, ուստի մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ Անգարայի հետ մեր ռազմավարական գործընկերութեան ամրապնդման ուղղութեամբ», ըսած է Ասելպոռն:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը խստօրէն դատապարտած էր Լիւքսամպուրկի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի մը որդեգրումը եւ ետ կանչած Լիւքսամպուրկի մէջ իր երկրին դեսպանը` Լեւենթ Շահինքայան:

 

Նախորդը

Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչները Տեսակցեցան Ճաքոմ Ֆիլիպեքի Հետ

Յաջորդը

Վենետիկի Պիենալէի Մրցումին Հայաստան Արժանացաւ «Ոսկիէ Առիւծ»-ի

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.