Զաղրեպի մէջ տեղի ունեցող ժիւտոյի կրան փրիի միջազգային մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ սկսաւ նախորդ շաբաթավերջին, առաջին օրը ոսկի մետալի տիրացաւ 60 քկ դասակարգին մէջ հանդէս եկող Հայաստանի ներկայացուցիչը` Յովհաննէս Դաւթեան:
Աւարտականին Դաւթեան 2 վայրկեան 39 երկվայրկեան պայքարէ մը ետք յաղթեց Գերմանիան ներկայացնող Տոպիաշ Էնկըլմայերին:
66 քկ դասակարգին մէջ Արսէն Ղազարեան գրաւեց 7-րդ դիրքը:
Նշենք, որ վերոնշեալ երկու մարզիկներէն բացի, այս մրցաշարքին Հայաստանէն կը մասնակցին նաեւ Անդրանիկ Չափարեան (81 քկ), Դաւիթ Նիկողոսեան (73 քկ) եւ Ժաննա Սթանքեւիչ (52 քկ):


