Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին կատարուեցան երկու ճակատումներ:
Սաժես, որ Ղազիրի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պիպլոսը, կրեց այլ պարտութիւն մը, այս անգամ` 86-81 արդիւնքով (19-19, 38-32, 60-61 եւ 81-86):
Ինչպէս ծանօթ է, Պիպլոս, որ նախորդ երկու մրցումներուն եւս յաղթանակ արձանագրած էր (76-67 եւ 84-65), այժմ 3-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Սաժեսը:
Չորրորդ մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Ժիպէյլի մէջ, յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային Պիպլոս պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
Ղազիրի դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս երրորդ մրցումին, Պիպլոսի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճեսմընտ Եանկպլատ (34 կէտ): Ռաթքօ Վարտա նշանակեց 11 կէտ, 10 ռիպաունտ, մինչ 10-ական կէտ նշանակեցին Մոհամետ Իպրահիմ եւ Մազեն Մնէյնմէ:
Սաժեսէն Թերենս Լիթըր, որ նախապէս մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի, նշանակեց 32 կէտ եւ 12 ռիպաունտ, մինչ Պրենտըն Հիթ` 17 կէտ: Սաժեսի երրորդ լաւագոյն կէտ նշանակողը հանդիսացաւ Հայկ Կէօքճեան (11 կէտ, 6 ռիպաունտ):
Ինչ կը վերաբերի Ռիատի – Շանվիլ երրորդ մրցումին, դաշտին տէրը` Ռիատի, 78-69 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով 2-1 արդիւնքով գերազանցեց Շանվիլը:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Շանվիլէն Նիքոլոս Ցիքիշվիլի (17 կէտ, 9 ռիպաունտ), ապա` անոր խմբակից Տեշաուն Սիմս եւ Նատիմ Սուէյտ (14-ական), մինչ Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Իսմայիլ Ահմետ (16 կէտ, 18 ռիպաունտ), ապա յաջորդաբար` Էլիժահ Հոլման եւ Ֆատի Խաթիպ (15-ական կէտ):
Անոնք երկուքը չորրորդ անգամ ըլլալով իրարու դէմ պիտի գան չորեքշաբթի, 6 մայիսին, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Շանվիլի դաշտին վրայ:


