Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 35-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Քորտոպա, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Պարսելոնան, 8-0 արդիւնքով ջախջախիչ պարտութիւն մը կրեց անկէ:
Լուիս Սուարեզ հեթրիքի հեղինակ դարձաւ (45-րդ, 53-րդ եւ 88-րդ): Լիոնել Մեսսի նշանակեց 2 կոլ (46-րդ եւ 80-րդ), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Իվան Ռաթիքիչ (42-րդ), Ժերար Փիքէ (65-րդ) եւ Նէյմար (85-րդ` փենալթիով):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Պարսա իր ունեցած երկու կէտի առաւելութիւնը պահեց իր անմիջական մրցակիցին` Ռէալ Մատրիտի վրայ, որ իր կարգին յաղթանակ արձանագրեց` 3-2 արդիւնքով յաղթական վերադառնալով Սեւիլլայի դաշտէն:
Իր կարգին, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ հեթրիք մը իրագործեց 36-րդ, 37-րդ եւ 68-րդ վայրկեաններուն:
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Աթլեթիքօ Պիլպաօ ճակատումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով: