Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 35-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Չելսի, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Քրիսթալ Փալասը, 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` շնորհիւ Էտեն Հազարտի նշանակած կոլին (45-րդ` փենալթիով):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Չելսի, որ ունեցաւ 83 կէտ եւ կէտերու լայն տարբերութիւն մը ունեցաւ իր անմիջական մրցակիցին` Մանչեսթըր Սիթիի վրայ, հանդիսացաւ Անգլիոյ ախոյեան, տարեշրջանի աւարտէն 3 հանգրուան առաջ:
Նախապէս Չելսի, որ վերջին անգամ ախոյեան հանդիսացած էր 2009-2010 տարեշրջանին, այսպիսով տիտղոսին տիրացաւ 5-րդ անգամ ըլլալով:


