Ֆրանսայի` նշանակութեամբ 5-րդ լիկայի Է. խմբակին 24-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Օլիմփիք Մարսէյի Բ. խումբը անհասանելի դարձաւ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Թուլոնի համար, կը յայտնէ ArmSport.am:
Օլիմփիք, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Արլի Բ. խումբին, ապահովեց 73 կէտ:
Իր կազմին արձանագրած այս յաղթանակին մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ եւ ամբողջ մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ եւ խումբի խմբապետ Կայէլ Անտոնեան:
Նշենք, որ Օլիմփիք Բ. յաջորդ տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ 4-րդ դասակարգին մէջ: