Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 34-րդ հանգրուանի ճակատումները:
Հակառակ անոր որ ախոյեանութեան աւարտին մնացած է 4 հանգրուան, սակայն Եուվենթուս այժմէն իսկ ապահովեց ախոյեանութեան տիտղոսը եւ 31-րդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ Իտալիոյ ախոյեան` 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Սամտորիայի դաշտէն: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Արթուրօ Վիտալ (32-րդ):
Նշենք, որ այսպիսով, Եուվէ յաջորդաբար 4-րդ անգամ ըլլալով տիրացաւ ախոյեանութեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Եուվենթուս ապահովեց տարեշրջանի իր 79-րդ կէտը եւ իր ետին գտնուողներուն` Լացիօ Ռոմայի եւ Ա. Էս. Ռոմայի համար դարձաւ անհասանելի: