Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 31-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրն էր Պայէր Լեւերքուզընի, կրեց 2-0 արդիւնքով պարտութիւն մը, ինչ որ անոր համար եղաւ երրորդ յաջորդական պարտութիւնը` ընթացիկ ախոյեանութեան գծով:
Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Պայէրն Միւնիխ արդէն իսկ նախապէս ապահոված էր ախոյեանութեան տիտղոսը: Անիկա այժմ ունի 76 կէտ եւ 14 կէտով կը գերազանցէ Վոլֆսպուրկը, եւ ասիկա` տարեշրջանին աւարտէն 3 հանգրուան առաջ:
Պորուսիա Տորթմունտ, որ կը գտնուի 9-րդ դիրքին վրայ, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Հոֆընհայմի դաշտին վրայ: