«Ասպարէզ» կը հաղորդէ, որ Տապլինի արքեպիսկոպոս Մայքըլ Ճէօֆրի յայտնած է, որ տակաւին ուշ չէ, որ աշխարհը վերջապէս ընդունի Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտութիւնը:
«Մենք յոյս ունինք եւ կ՛աղօթենք, որ աշխարհը վերջապէս տեսնէ անպատասխան մնացած հարցումներուն անդրադառնալու անհրաժեշտութիւնը եւ այն, որ տակաւին ուշ չէ ճանչնալու ճշմարտութիւնը», ըսած է արքեպիսկոպոսը` աւելցնելով. «Ես կը յարգեմ հայ ժողովուրդը եւ կը հիանամ անով»: