Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Գիրքերու Հետ. Ականեալ Ձայներ (Սարգիս Կիրակոսեան)

Մայիս 1, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

5-01-15_kirkՊէյրութէն Լոս Անճելըս վերադարձող  ընկերոջ մը ձեռամբ, աւելի քան 2 ամիս առաջ ստացանք բանաստեղծ եւ մամուլի մարդ Սարգիս Կիրակոսեանի «Ականեալ ձայներ» խորագրեալ հատորը, որ այս տարեսկիզբին լոյս տեսած է Անթիլիասի կաթողիկոսութեան տպարանէն: Անմիջապէս ըսենք, որ այս սիւնակը չենք արձանագրեր գրախօսականի տրամաբանութեամբ, այլ` իբրեւ անմիջական արձագանգ հատորին էջերուն մեր կատարած շրջապտոյտին:

«Ականեալ ձայներ»-ը Կիրակոսեանի ինքնագիր բանաստեղծութիւններուն երրորդ հատորն է, այսինքն` մտային ու հոգեկան աշխարհին երրորդ զաւակը` «Այս է արիւն իմ» (1973) եւ «Այս է մարմին իմ» (2004) հատորներէն ետք: Կիրակոսեան հրատարակած է նաեւ 3 այլ հատորներ, որոնք բանաստեղծութիւններու հատընտիրներ են կամ թարգմանութիւններ: Ինքնագիրներու շարքին, նորագոյնը ամէնէն ստուարն է, կը տարածուի 254 էջերու վրայ:

Աւելի քան 40 տարիներու ընթացքին թուղթին ու մամուլին յանձնուած միտքի արտադրութիւններու հաւաքածոյ մըն է «Ականեալ ձայներ»-ը. հեղինակը նախանձախնդրութիւնը ունեցած է իւրաքանչիւր բանաստեղծութեան աւարտին արձանագրելու անոր արարման թուականը` օրն ու տարին: Հետեւելով թուականներու արձանագրութեան` ընթերցողը պիտի տեսնէ, թէ հոն տեղ ունին 1973-էն մինչեւ 2014  թուղթին յանձնուած գրութիւններ, որոնք մեծ մասամբ ազատ բանաստեղծութիւններ են, կան նաեւ արձակ էջեր, սակայն մի՛շտ բանաստեղծական յղացքով ու մթնոլորտով: Թուականներուն արձանագրութիւնը մեծապէս կը դիւրացնէ ընթերցողին գործը` հետեւելու բանաստեղծ Կիրակոսեանի ստեղծագործական աշխարհին զարգացման, նաեւ` արծարծած հարցերուն վերծանման: Արդարեւ, Կիրակոսեան գրող մըն է, որուն գիրը շատ յաճախ վերծանումի կը կարօտի, ո՛չ միայն գրելաձեւին ու ոճին, այլ նաեւ հեղինակին մտային ու հոգեկան ներաշխարհը թափանցել կարենալու իմաստով:

Բանաստեղծին այս գործին մասին ըստ էութեան խօսելէ առաջ կ՛ուզենք արձանագրել քանի մը ուշագրաւ կէտ ու երեւոյթ: Հատորը ունի ներքին բաժանումներ, որոնցմէ 11-ը կը կազմեն բանաստեղծութիւնները. անոնց կը յաջորդեն ծանօթագրութիւն մը` հատորին կազմութեան մասին, ապա նաեւ «Վերջակէտ» եւ «Վերջաբան» խորագրեալ բացատրականներ: «Վերջակէտ»-ին տակ արձանագրուած 2004 տարեթիւը ենթադրել կու տայ, թէ հատորը յայտնապէս հրատարակութեան պատրաստ էր  աւելի քան 10 տարի առաջ, սակայն սպասումը երկարած է, հետեւաբար նաեւ գիրքը հարստացած է մինչեւ 2014 թուղթին յանձնուած ստեղծագործութիւններով: Հազուադէպ էջեր են այս երկու գրութիւնները. հեղինակը գրադատի մը մօտեցումով բացատրականներ ու վերլուծումներ արձանագրած է իր միտքի արտադրութեանց մասին, էջեր, որոնք նմանապէս կը ծառայեն բանաստեղծը հասկնալու, անոր հետ հաղորդակցութիւնը դիւրացնելու գործին: Հատորը կը փակուի Կասիկ Թիւթէլեան-Սահակեանի մասին դամբանականով մը, զոր հեղինակը արտասանած է օրին. հատորին վերջին կողքին վրայ ալ կայ հանգուցեալին յիշատակին նուիրուած 8 տողնոց բանաստեղծութիւն մը: Ուշագրաւ երեւոյթն ալ այն է, որ մեր հաւաքական կեանքին մէջ կան անհատներ եւ ընտանիքներ, որոնք կը հաւատան հայ գրողի առաքելութեան եւ պատրաստ են յանձն առնելու նման գրական գործերու մեկենասութիւնը: Հատորը լոյս տեսած է Կասիկ Թիւթէլեանի զաւակներուն` Ալիսի, Մարալի եւ Րաֆֆիի մեկենասութեամբ:

* * *

Քիչ առաջ հպանցիկ ակնարկութիւն մը կատարեցինք Կիրակոսեանի էջերը ներթափանցելու եւ վերծանելու հարցին: Ըսել ուզեցինք, որ Կիրակոսեան բաժնեկից է վարկին մեր այն գրողներուն ու ժամանակակից կարգ մը բանաստեղծներուն, որոնք կը կազմեն «դժուարահասանելիներու ակումբ»-ը, այսինքն անոնց էջերու ներքին ծալքերուն թափանցելը կը պահանջէ ճիգ եւ քրտինք, ինչպէս որ հսկայական ճիգի ու քրտինքի արդիւնք են անոնց արարումը: Անոր կարգ մը էջերը կարդալու պահուն ընթերցողը կ՛ունենայ այն տպաւորութիւնը, որ գեղեցիկ բառերու եւ արտասովոր մտապատկերներու տողանցքի մը ականատես է, կը փորձէ իմաստ հագցնել անոնց: Ընթերցողը կը յաջողի, եթէ այդ էջերուն մօտենայ նախ` նորարարութիւն հասկնալու եւ ըմբռնելու լայնախոհութեամբ, նաեւ` բանաստեղծին ապրած կեանքի փուլերն ու ճակատագրական հանգրուանները աչքի առջեւ բերելու մօտեցումով:

Սարգիս Կիրակոսեանի բանաստեղծութիւնները ունին աւելի քան 45 տարիներու անցեալ. հեղինակին երիտասարդութեան տարիներուն մէկ կարեւոր բաժիններ ապրուած են այն օրերուն, որոնք պատմութեան անցած են Լիբանանի պատերազմ խորագիրին տակ, 1975-էն մինչեւ 1990-91, սակայն բոլոր լիբանանցիներուն պէս, ան ալ այդ արհաւիրքէն բոլորովին չէ ձերբազատած, որովհետեւ Լիբանանի յետպատերազմեան տագնապը, իր տնտեսական ու մարդկային բազմաթիւ արտայայտութիւններով ու ողբերգական երեսներով, կը շարունակուի մինչեւ օրս: Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ «Ականեալ ձայներ»-ու մէջ Լիբանանի վիճակն ու մարդոց վրայ ներգործութիւնը ունենան կարեւոր տեղ, ըլլան պաղ ու տաք օրերու, առաւելաբար ճնշուած, բայց նաեւ զուարթ հոգեվիճակներու հայելին: Վերջին տարիներուն, երբ Սուրիան ու շրջանի հայութիւնն ալ ենթակայ են ահաւոր կացութիւններու, այդ տագնապը ապրողներ իսկ կրնան իրենց հոգեվիճակին արձագանգը գտնել շատ աւելի կանուխ արարուած էջերու մէջ…

Բնականաբար Կիրակոսեանի ներաշխարհը ենթակայ չէ միայն լիբանանեան յիշեալ ազդեցութիւններուն. հեղինակը այսօրուան աշխարհին, ըսել կ՛ուզենք` ուշ 60-ականներէն մինչեւ օրս արարուող աշխարհի իրադարձութեանց «զաւակն» է, ուրեմն նոյնքան բնական է, որ աշխարհատարած վիճակներ ու երեւոյթներ արձագանգ գտնեն անոր էջերուն:

Ըսել կ՛ուզենք, որ «Ականեալ ձայներ» հատորը մէկ արտացոլացումն է բանաստեղծին կեանքին ու լայն շրջապատէն կրած ազդեցութիւններուն, անոնցմէ ներշնչուած ապրումներու, խոհերու եւ հոգեվիճակներու (նաեւ` ուրիշ ներգործութիւններու): Ան չի վարանիր դիմելու թեթեւ երգիծանքի, մինչեւ իսկ երբ կը խօսի ինքն իր մասին: Այդ բոլորը տարուէ տարի, ամիսէ ամիս, երբեմն օրուան մթնոլորտին իսկ անմիջականութեամբ թուղթին յանձնուած են, հաւանաբար մանր վերամշակումներու ենթարկուելու համար` մինչեւ այս հատորին մէջ անոնց ամփոփումը:

Կիրակոսեանի բանաստեղծութիւնները դէպքերու կամ հոգեվիճակներու մասին պատումներ չեն, թէեւ բոլորովին անհաղորդ չէ պատմողական ձեւին, այլ անոնք ապրումներու, խոհերու եւ հոգեվիճակներու արտացոլացում են, այլաբանականի նմանող տողերու եւ պատկերներու միջոցով, որոնք յաճախ կը թափանցեն գերիրապաշտութեան ու վերացականի ոլորտները. ան գրաւոր արտայայտութեան համար կը վարուի այն մօտեցումով, ինչպէս արդի գեղանկարիչ մը կամ քանդակագործ մը պիտի արտայայտուէր «արտառոց» ձեւերով, անհաշտ գոյներու «ներդաշնակումով»: Եւ ինչպէս որ ակնդիրը պէտք է որոշ նախատրամադրութեամբ` տեսածը ընկալելու հոգեվիճակով կը մօտենայ կերպարուեստի նման գործերու, Սարգիս Կիրակոսեանի պէս գրողներու (բանաստեղծ, արձակագիր թէ թատերագիր) գործերուն ալ պէտք է մօտենալ նման նախատրամադրութեամբ: Որովհետեւ բանաստեղծ Կիրակոսեանի համար առաջնահերթն ու նախամեծարը իր միտքի ու հոգիի աշխարհին դրսեւորումն է թուղթի վրայ, բառերու եւ պատկերներու իւրայատուկ արտայայտութիւններով: Չի գրեր անմիջականօրէն հասկցուելու, ընկալուելու եւ ընդունուելու մտահոգութեամբ, սակայն նաեւ արդար սպասումը ունի, որ գրածը ունենայ ընթերցող, իր էջերուն ճամբով իրեն հետ հաղորդակցո՛ղ: Այսինքն ընթերցողը նման գործ ընկալելու համար բաւական ընելիք ունի, նման նախատրամադրութեամբ պէտք է մօտենայ յիշեալ «ակումբ»-ի գրաւոր արտայայտութեանց:

Յամենայն դէպս, հատորին, եւ ընդհանրապէս կիրակոսեանական գրաւոր արտայայտութեանց շարքին կան շատ աւելի դիւրահաղորդ էջեր, որոնցմէ ներս թափանցելը միայն նուազագոյն ճիգի կը կարօտի:

Նոր հատորին սահմանուած այս սիւնակին մէջ տեղին չէ երկար անդրադառնալ Սարգիս Կիրակոսեանի գրական աշխարհի միւս երեսին` մամուլի մարդուն: «Բագին»-ի եւ «Ազդակ»-ի խմբագրական կազմերուն իր անդամակցութեան-աշխատակցութեան օրերուն, ան ստուար վաստակ կերտած է հայկական թէ արաբական գրական աշխարհին արձագանգող իր գրիչով, սակայն անիկա արդէն ուրիշ եւ երկար պատմութիւն է:

Այս սիւնակը կ՛ուզենք փակել մաղթանքով մը. հատորին վերջին էջին ցանկագրուած են Կիրակոսեանի անտիպ գործերը: Կը յուսանք, որ «Ականեալ ձայներ»-ուն շուտով հետեւին նաեւ անոնք:

 

 

Լոս Անճելըս, 19 ապրիլ 2015,

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Կը Յիշենք Եւ Կը Պահանջենք

Յաջորդը

«Լիկ-1». Այսօր` Մես – Մարսէյ

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?