Կը յիշենք հարիւր տարի անպատիժ եւ անհատոյց մնացած հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութիւնը եւ կը պահանջենք մեր իրաւունքն ու արդարութիւնը:
Ամբողջ հարիւր տարի թրքական պետութիւնը փորձեց անցեալին մէջ թաղել պատմական անհերքելի ճշմարտութիւնը: Ուրացա՜ւ, որ Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայաթափման ու թրքացումին, հայկական հազարամեայ շէներու աւերումին եւ աւարումին, աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայերու բնաջնջման վրայ կառուցուեցաւ այսպէս կոչուած Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը:
Այո՛, հարիւր տարի շարունակ թրքական պետութիւնը մերժեց ընդունիլ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը գործադրած ըլլալու` Հայաստանն ու հայութիւնը երկու երրորդով աշխարհի քարտէսէն ջնջել փորձելու իր ծանրագոյն յանցագործութիւնն ու պատասխանատուութիւնը:
Այդպէ՛ս, հարիւր տարի թուրք ժողովուրդին մէջ կազմաւորուեցան սերունդներ, որոնց թրքական պետութիւնը զրկեց պատմական ճշմարտութեան վրայ խարսխուած ազգային յիշողութենէ:
Սերունդներ, որոնք սնանեցան իրենց երկրի ու ժողովուրդի գլխուն եկած փորձանքներուն համար յոյնն ու հայը, արաբն ու քիւրտը, ասորին ու եզիտին` բոլոր օտարները մեղադրելու թրքական ցեղապաշտութեամբ:
Սերունդներ, որոնց զլացուեցաւ լսել մինչեւ անգամ սեփական ժողովուրդի լուսամիտ ու ազատախոհ զաւակներուն կողմէ արտասանուած ամէնէն դողդոջ ճշմարտութեան ձայնն իսկ:
Ինչո՞ւ:
Որպէսզի ո՛չ ճնշուած թուրք ժողովուրդը հաշիւ պահանջէ իր սեփական բռնակալ պետութենէն եւ ո՛չ ալ, մանաւա՛նդ, հայրենիք ու ազգային պետականութիւն կորսնցուցած ոչ թուրք ժողովուրդները` զոհե՜րը կարենան արդար դատաստանի առջեւ կանգնեցնել դահիճը` ցեղասպան թուրք պետութիւնը:
Ահա՛ թէ ինչու հարիւր տարիէ ի վեր թրքական պետութիւնը կը փորձէ, ամէն գնով ու ի հարկին նոր արիւնահեղութեանց դիմելով, խուսափիլ սեփական պատմութեան հետ հաշուեյարդարի նստելու, քաղաքակիրթ մարդկութեան արդար եւ իրաւական օրէնքներով ապրելու, նաեւ իր գործած մեղքերը ընդունելու եւ քաւելու անժամանցելի պարտաւորութենէն:
Մեծապետական աշխարհը եւս, Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին եւ այնուհետեւ ամբողջ տասնամեակներ, լռութիւն պահեց Հայոց ցեղասպանութեան փաստին շուրջ` Պիղատոսի նման ձեռքերը լուալով մեղսակից ամէն պատասխանատուութենէ:
Թուրք ցեղասպան պետութիւնը անպատիժ ձգելու համար Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ քաշուեցաւ միջազգային լռութեան պատ, որմէ քաջալերուած` իրենց կարգին անպատիժ մնալու յոյսով, թափ առին 20-րդ դարու երկայնքին գործուած իրերայաջորդ ցեղասպանութիւնները` հրեաներու Ողջակիզումէն մինչեւ Քամպոտիայի եւ Ռուանտայի սպանդներն ու Պալքանեան «ազգային մաքրազտումները»…
Ահա այս ամէ՜նը կը յիշենք այսօր, երբ աշխարհի չորս ծագերուն, մայրաքաղաք Երեւանէն մինչեւ մօտ ու հեռաւոր ափեր, իբրեւ մէկ ու միասնական պահանջատէր հայութիւն, ոտքի կը կանգնինք եւ հանուր մարդկութեան կը յիշեցնենք կործանուած մեր հայրենիքին եւ արմատախիլ եղած ու բնաջնջուած մեր ժողովուրդին անկորնչելի իրաւունքները:
Մանաւանդ կը պահանջենք թուրք պետութենէն եւ ընդհանրապէս համաթրքական գաղափարամոլութենէն, որ վերջ տան սեփական ժողովուրդի նորահաս սերունդները հակահայ ցեղապաշտական ատելութեամբ սնուցանելու անհեռանկար վարքագծին, որուն վերջին` մերօրեայ զոհ վկաները եղան հրապարակագիր Հրանդ Տինքն ու զինուորական իր ծառայութիւնը կատարող Սեւակ Շահին Պալըքճըն, առանց մոռնալու Հունգարիոյ մէջ ազերի փանթուրքիստի ձեռամբ սպաննուած Գուրգէն Մարգարեանը:
Այո՛, Մեծ եղեռնէն հարիւր տարի ետք ալ Հայ դատը կը շարունակէ իր հրատապ այժմէականութիւնը պահել միջազգային քաղաքականութեան օրակարգին վրայ:
Որքան ալ թրքական պետութիւնը սին յոյսեր սնուցանէ Միացեալ Նահանգներու կամ Ռուսիոյ Դաշնութեան օրինակով մեծապետական աշխարհը ղեկավարող ուժերու միջպետական «փափկանկատութեանց» հանդէպ, ժամանակը ի վերջոյ բոլորին դէմ յանդիման կը հանէ իրաւունքի եւ արդարութեան դատաստանի օրուան:
Որքան ալ թրքական պետութիւնը կատաղութեամբ հակադարձէ կամ դիւանագիտական սպառնալիքներու դիմէ, չի կրնար չխոստովանիլ, որ ապրիլ 12-ին Վատիկանի բարձր ատեանէն հնչած Ֆրանչիսկոս պապին ազդարարութիւնը վար գլորեց Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ հիւսուած լռութեան պատին վերջին քարը:
Կաթոլիկ աշխարհի գերագոյն առաջնորդը Հայոց ցեղասպանութեան ահաւոր վէրքին շարունակուող արիւնահոսութեան դէմ զգուշացուց քաղաքակիրթ մարդկութիւնը եւ թրքական պետութիւնը չի կրնար անտեսել խղճմտանքի այդ անկասելի մրճահարումը:
Պատահական չէ, որ պապական վկայութիւնն ու ազդարարութիւնը քաղաքականօրէն ամրապնդելու եկաւ Եւրոպական խորհրդարանը` ապրիլ 15-ին իր հաստատած եւ ապրիլ24-ը Եւրոպական միութեան տարածքին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր հռչակող բանաձեւով:
Թուրք ցեղասպան պետութիւնը խուսափում չունի եւ ամէն քայլափոխի, աշխարհի չորս ծագերուն եւ մեծ ու փոքր բոլոր քաղաքներուն մէջ, այս օրերուն դէմ յանդիման պիտի գտնուի պահանջատէր հայութեան իրաւունքի եւ արդարութեան ձայնին:
Մենք կը յիշենք ու կը պահանջենք:
Համազգային այդ վճռակամութեամբ, ապրիլ 24-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, խուռներամ ու միասնական շարքերով յունահայութեան ձայնը լսելի պիտի դարձնենք թուրք ցեղասպան պետութեան:
Պիտի շարունակենք յիշել ու պահանջել, որովհետեւ` չենք մոռնար անթաղ մնացած մեր նահատակներուն կտակը եւ Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք ալ միասնաբար կ՛ուխտենք`
«Այսքան չարիք թէ մոռանան մեր որդիք,
«Թող ողջ աշխարհ հային կարդայ նախատինք»: