Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Որոշեց Բջիջային Հեռաձայնի Ընկերութիւններուն Ծառայութիւնը Երկարաձգել Մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2015

April 30, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

4-29-15_councilԿառավարութիւնը երէկ երեկոյեան ժամը 5:00-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ 45 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը, որուն կողքին նաեւ 2015-ի պետական պիւտճէի նախագիծը` օրակարգէ դուրս:

Երեք ժամ տեւած նիստէն ետք, տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ կառավարութենէն պահանջեց նախագահական ընտրութիւն կատարել, որովհետեւ իշխանութեան Ա. պետի չգոյութիւնը պետութիւնը զրկած է իր գլուխէն եւ միասնականութեան խորհրդանիշէն, ինչպէս նաեւ խոչընդոտած է սահմանադրական բոլոր հաստատութիւններուն աշխատանքը: «Վարչապետ Սալամ յոյս յայտնեց, որ ժողովուրդին ներկայացուցիչները գիտակցին իրենց ուսերուն բեռցուած պատասխանատուութեան», ըսաւ Ժրէյժ` աւելցնելով, որ վարչապետը ողջունած է նախարարաց խորհուրդի նորանշանակ ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆելը եւ անոր աշխատանքներուն յաջողութիւն մաղթած:

Ան յայտնեց, որ վարչապետ Սալամ լիբանանցիները շնորհաւորած է 1 մայիսին Աշխատաւորաց տօնին առիթով` բարձր գնահատելով լիբանանցի բանուորներուն ներդրումը երկրին տնտեսական բարգաւաճման առումով: Ժրէյժ յայտնեց, որ վարչապետը իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց բոլոր աշխատաւորներուն:

Ան ըսաւ, որ կառավարութիւնը որոշեց բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններուն նուազուրդի պայմանները` աւելցնելով, որ այդ նուազուրդը պիտի կատարուի նուազուրդի վարչութեան կողմէ, մասնակցութեամբ կարգ մը անդամներու, որոնք պիտի ճշդուին հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարին կողմէ:

Ժրէյժ յայտնեց, որ կատարուելիք նուազուրդին արդիւնքները աւելի ուշ պիտի ներկայացուին կառավարութեան:

Ժրէյժ ըսաւ, որ կառավարութիւնը որոշած է բջիջային հեռաձայնի գործունէութեան պայմանագիրները երկարաձգել մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2015:

«Բանտերու կառուցման ծրագիրի շրջագիծին մէջ կառավարութիւնը որոշեց 30 միլիոն տոլարի գումար տրամադրել` կառուցելու համար շրջանային բանտ մը, Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն կարիքները գոհացնելու համար համաձայն գտնուեցաւ յաւելեալ նիւթական օժանդակութիւններու, ինչպէս նաեւ համաձայն գտնուեցաւ ներքին գործոց նախարարութեան այն պահանջին, որուն լոյսին տակ ան կ՛ուզէր ունենալ ապահովական կառոյցներուն մէկ տարուան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները», ըսաւ Ժրէյժ:

Ան նշեց նաեւ, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է վերանայելու Պէյրութի գետին երկու կողմերը գտնուող փողոցներուն, ինչպէս նաեւ դէպի Պէյրութ եւ Պուրճ Համուտ արեւելեան մուտքերուն ընդարձակման ծրագիրները:

Նախորդը

Պըրրի. «Զօր. Աունի Հետ Տարակարծութիւն Ունենալս Չի Նշանակեր, Որ Մեր Միջեւ Ռազմավարական Առումով Հարց Կայ»

Յաջորդը

Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցին` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Նախնական Ցանկին Մէջ

RelatedPosts

Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ  Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը
Լիբանանեան

Ամերիկեան Դեսպանատունը Կը Վերահաստատէ Լիբանան Այցելութենէն Զգուշացումը

October 26, 2026
Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ  Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»
Լիբանանեան

Ժահժահ. «Լիբանան Ճիշդ Ուղիի Վրայ Դրուեցաւ, Եւ Ապագան Խոստմնալից Է»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.