Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՆՈՒԿ ԱՍՏՂ ԵՐԳԻՉՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

August 8, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հանդիսութեան ներկաները

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2011 թուականը «Հայ մանուկի տարի» հռչակուելուն առիթով կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն կարգին, հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան, արդէն քանի մը ամիսէ ի վեր ընթացք առած են այս տարուան մանուկ աստղ երգիչի ընտրութեան աշխատանքները, որոնք իրենց լրումին հասան շաբաթ, 6 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեամբ:

Արդարեւ, տարբեր լրատուամիջոցներու ճամբով մանուկներուն ուղղուած հրաւէրներուն` մասնակից դառնալու աստղ երգիչի մրցումին, ընդառաջած է շուրջ 50 մանուկ, որոնց ներկայացուցած երգերը ունկնդրելով եւ յատուկ քննութեամբ կարելի եղած է ընտրել միայն 12 մանուկներ, որոնք եւս իրենց կարգին զտուելով հասած են 6-ի: Շաբաթ օր տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին այդ վեց մանուկները` Գոհար Գարակէօզեան, Արփի Արթինեան, Ռաքել Թեքերեան, Լարա Աւետիսեան, Կարօ Գալենտերեան եւ Ասատուր Պասմաճեան սրահը լեցուցած հանդիսականներուն ներկայացուցին հայրենիքին, մօր, Երեւանի նուիրուած երգեր: Անոնց մօտ շատ բացայայտ էր տաղանդի առկայութիւնը, բայց եւ այնպէս այս մրցումի ամբողջ ընթացքին հետեւած դատական կազմն ու ներկաները ստիպուած էին ընտրել անոնցմէ մէկը` իբրեւ աստղ երգիչ: Դատական կազմին անդամներն էին Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան, Շողիկ Թորոսեան, Ժիլպեր Սիմոն եւ Հուրի Գալայճեան:

Մասնակից մանուկները` դատական կազմի անդամներուն հետ

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան դիտել տուաւ, որ այս նախաձեռնութիւնը կու գայ փաստելու, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ո՛չ միայն հոգեւոր դաստիարակութիւն ջամբող կեդրոն է, այլ նաեւ կը փոխանցէ հայեցի դաստիարակութիւն, յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ ազգային ու մշակութային մարզերուն, նաեւ այս իմաստով մանուկներու կրթութեան: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց մրցումին մասնակցած մանուկներու ծնողներուն, որոնք իրենց կարգին օժանդակած էին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան, քաջալերած ու նեցուկ կանգնած էին իրենց զաւակներուն, որպէսզի անոնց տաղանդները բացայայտուին: Հայր սուրբը շեշտեց, որ այս նախաձեռնութիւնը աննախընթաց է եւ անիկա յաջողած է շնորհիւ աշխատողներուն միջեւ եղած գործակցութեան ոգիին:

Աւարտին յայտարարուեցաւ մրցումին արդիւնքը, սակայն մէկի փոխարէն ընտրուեցան երեք աստղեր` Կարօ Գալենտերեան, Ռաքել Թեփիրճեան եւ Արփի Արթինեան: Անոնց նուէրն էր յառաջիկայ դպրոցական տարեշրջանի լրիւ կրթաթոշակ, ինչպէս նաեւ անոնք մէկ տարուան համար պիտի վայելեն Շողիկ Թորոսեանի երաժշտական հոգատարութիւնը` երաժշտական գիտելիքներ ձեռք ձգելով, ինչպէս նաեւ հետեւելով ձայնամարզութեան:

 

Նախորդը

«ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՏԱՆԻԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ՛Ն»

Յաջորդը

«ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒԸ ԼԻԲԱՆԱՆ ՀԱՍԱՒ. «ՉԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՆՑ ՍՓԻՒՌՔԻ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԶՕՐԻ ԲԱԼԱՅԵԱՆ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.