Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՐՄԵՆԻԱ» ԱՌԱԳԱՍՏԱՆԱՒԸ ԼԻԲԱՆԱՆ ՀԱՍԱՒ. «ՉԿԱՅ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ ԱՌԱՆՑ ՍՓԻՒՌՔԻ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԶՕՐԻ ԲԱԼԱՅԵԱՆ

August 8, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տըպպայէի Մարինա նաւահանգիստը տարբեր պատկեր ու խորհուրդ կը կրէր շաբաթ, 6 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 5:30¬ին. արդարեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակին եւ մայրենի լեզուի պահապանները հանդիսացող հայ մայրերուն նուիրուած ուղեւորութեամբ 28 մայիս 2009¬ին ընթացք առած «Արմենիա» առագաստանաւը արդէն Լիբանան հասած էր: Աւելի քան 80 հազար քիլոմեթր կտրելէ ետք Լիբանան հասած նաւուն անձնակազմը կը կրէ «Մեսրոպ Մաշտոց» անունը, անոր ղեկավարն է մտաւորական եւ ազգային ուրոյն անձնաւորութիւն Զօրի Բալայեան, իսկ նաւապետը` Արմէն Նազարեան: Համայն հայութեան հպարտութիւն ներշնչող առագաստանաւուն վրայ կը ծածանին Եռագոյնը, Լեռնային Ղարաբաղի դրօշակը, Ամենայն հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններուն դրօշակները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դրօշակը: Քարափին հաւաքուած քաղաքական, հոգեւորական, ազգային անձնաւորութիւններ, նաեւ մեծ թիւով լիբանանահայեր ջերմութեամբ ու խանդավառութեամբ ընդունեցին «Արմենիա»ի նաւախումբը, որուն անդամները դիմաւորուեցան հաց ու աղով, ինչպէս նաեւ անոնց վիզերէն անցուեցան ծաղիկներ:

Զօրի Բալայեան
Դեսպան Աշոտ Քոչարեան

ՀՄԸՄ¬ի Այնճարի եւ ՀՄՄ¬ի շեփորախումբերուն կողմէ հնչած Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ պատմական նկատեց պահը, որովհետեւ հայութիւնը եկաւ անգամ մը եւս փաստելու, որ ինք թէեւ մեծ մարտահրաւէրներու ենթարկուած է միշտ, սակայն կրնայ դիմագրաւել այս բոլորը եւ հասնիլ իր նպատակին: Անոր համաձայն, մտաւորական, յայտնի անձնաւորութիւն, Արցախի հերոս Զօրի Բալայեանի ղեկավարած նաւը, որ ընթացք առած է Վալենսիայէն, բաւական երկար ու դժուար ճամբայ կտրելէ, սփիւռքի տարբեր գաղութներ այցելելէ ետք հասած է Լիբանան, ուրկէ պիտի մեկնի Կիպրոս, ուր պիտի դիմաւորուի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ:

Դեսպանը նաւը նկատեց ներուժ եւ իմաստ ունեցող նաւ մը, որ առաքելութեամբ ու նպատակով ճամբայ ելած է: Դեսպան Աշոտ Քոչարեան այս առիթով յուշանուէր մը յանձնեց Զօրի Բալայեանին եւ անոր խումբին:

Արամ Մալեան
Գեղամ արք. Խաչերեան

Ապա խօսք առաւ Արամ Մալեան` Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատէի ներկայացուցիչը, որ բարձր գնահատեց նման նախաձեռնութիւն մը` զայն նկատելով Լիբանանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու ամրապնդման նպաստող ազդակ: Ան այս առիթով Պէյրութի քաղաքապետութեան անունով յուշանուէր մը յանձնեց նաւախումբին:

Անկէ ետք Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան մեծ ուրախութիւն նկատեց «Արմենիա»ի Լիբանան գալը, որովհետեւ անիկա իր ուղեւորութեամբ հայութեան հոգիները կը բոցավառէ, հայ ժողովուրդի արժէքները կը մարմնաւորէ, տարբեր շրջաններու մէջ ապրող հայութիւնը իրարու կը զօդէ: Առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ առագաստանաւը իր մէջ կը պարփակէ քանի մը պատգամներ, որոնք կու գան շեշտելու, որ հայութեան օրրանը Հայաստան աշխարհն է, որ մայրենի լեզուին պահպանումը մեծ երաշխիք է հայութեան գոյատեւման: Անոր համաձայն, ի զուր չէ, որ նաւախումբը կը կրէ «Մեսրոպ Մաշտոց» անունը եւ անիկա նուիրուած է հայ մայրերուն:  Արդարեւ, լեզուն կարեւորագոյն ազդակն է հայապահպանութեան ու հայութեան գոյերթին: Գեղամ արք. Խաչերեան շեշտեց, որ Մեսրոպ Մաշտոցի ոգին տարածող նաւը կը փոխանցէ նաեւ պայքարելու ոգի, մարտահրաւէրներու դիմաց թումբ կանգնելու վճռականութիւն ու հայութիւնը կը միացնէ լուսեղէն կապով մը: Ան «Արմենիա»ի անձնակազմին անդամները նկատեց Մեսրոպ Մաշտոցի ուխտին ու կտակին ուխտապահներ, որոնք աւիւն, ուժ կը ներշնչեն ու կենսատու աղբիւր կը դառնան ամէնուրեք: Առաջնորդ սրբազանը եւս յուշանուէր մը յանձնեց այս առիթով:

«Արմենիա» առագաստանաւը` Մարինա նաւահանգիստին մէջ

Աւարտին իր սրտի խօսքը արտասանեց գրող Զօրի Բալայեան, որ մեծ ուրախութիւն նկատեց Լիբանան գտնուիլը, նաեւ դիտել տուաւ, որ առագաստանաւը կը կրէ այբուբենն ու ծաղկած խաչը` իբրեւ յաւերժութեան նշան` իւրաքանչիւր տառ նկատելով հայութեան պահապան զինուոր մը: Զ. Բալայեան հաստատեց, որ սփիւռքը հպարտութիւն է, որ առանց սփիւռքի չկայ հայութիւն ու Հայաստան: Ան դիտել տուաւ, որ ուղեւորութիւնը խորքին մէջ պայքար է տարբեր ափերով ու երկիրներով, ուր կան հայեր, հայկական կառոյցներ, դպրոցներ ու եկեղեցիներ, որոնց մասին տեղեկագրութիւն կը պատրաստէ արշաւախումբը: Զ. Բալայեան սփիւռքի զանազան գաղութներ այցելելը առաքելութիւն նկատեց` դիտել տալով, որ ծրագիր կայ յառաջիկայ նաւը անուանել Մեծ Հայք:

Իր խօսքը աւարտելով` ան ողջունեց համայն լիբանանահայութիւնը, որ շատ սիրելի է իր սրտին:

Նշենք, որ Համազգայինի եւ Անդրանիկի պարախումբերը հանդէս եկան պարերով: Հայ սեւ գօտներու միութեան անդամները եւս սուրերով դիմաւորեցին արշաւախումբը:

Նախորդը

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՎԱՐԻՉ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՄԱՆՈՒԿ ԱՍՏՂ ԵՐԳԻՉՆԵՐՈՒ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ

Յաջորդը

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.