
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը կը հաղորդէ, որ նախարարութեան բանբերի պաշտօնակատար Մարի Հարֆ ամէնօրեայ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձած է Ուաշինկթընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նիւթին:
Լրագրող մը հարցուցած է. «Աւստրիան, Գերմանիան ու Սերպիան կը պատրաստուին մինչեւ շաբթուան վերջը ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել արդէն յայտնած է իր աջակցութիւնը: Ի՞նչ կը կարծէք, այդպիսի զարգացումները, այսինքն` եւրոպական դաշնակից երկիրներու կողմէ ճանաչումը, որեւէ ձեւով պիտի ազդէ՞ Ուաշինկթընի դիրքորոշման վրայ»: Ան ստացած է հետեւեալ պատասխանը. «Այս նիւթին շուրջ որեւէ նոր ըսելիք չունիմ: Մենք շատ յստակ ներկայացուցած ենք մեր դիրքորոշումը տուեալ հարցին շուրջ»:
Չբաւարարուելով այդ պատասխանէն` լրագրողը փորձած է հասկնալ, թէ արդեօք ամերիկեան վարչակազմի վրայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին մէջ որեւէ այլ պետութիւն ճնշում կը գործադրէ՞, սակայն Հարֆ դարձեալ խուսափողական պատասխան տուած է` ըսելով, որ ինք ոչինչ գիտէ:


