Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն երէկ հաղորդագրութեամբ մը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Հայոց ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան` մաղթելով, որ յանցագործը ստանայ իր արժանի պատիժը: «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կը խոնարհինք ու մեր յարգանքը կը մատուցենք մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ, որ «պատմութեան մեծագոյն ոճիրը» կ՛որակէ պատահածը` ընդգծելով, որ եթէ օրին Հայոց ցեղասպանութեան յանցագործները պատժուէին, այդ դէպքերը պիտի չկրկնուէին տարբեր առիթներով` տարբեր վայրերու մէջ:
«Կը ձայնակցիմ լիբանանահայերու եւ անոնց սփիւռքահայ եղբայրներուն այս տխուր առիթով ու կ՛ողջունեմ անոնց վճռակամութիւնը` հաւաքական յիշողութիւնը վառ պահելու եւ պահանջատիրութեան կառչած մնալուն համար», կ՛ըսէ խմբագիրներու սենտիքայի նախագահը իր հաղորդագրութեան մէջ: «Ցեղասպանութիւն պէտք չէ անպատիժ մնայ եւ յանցագործը պէտք է հաշուետուութեան կանչուի, որքան ալ անցնի ժամանակը», շեշտեց Էլիաս Աուն` յաւերժութիւն մաղթելով նահատակներու յիշատակին եւ խղճի մնայուն խայթ` յանցագործներուն: