Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Ստանձնեց Սէուտական Զինուորական Օժանդակութեան Առաջին Մասնաբաժինը

Ապրիլ 21, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

1412064506_Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը` ներկայութեամբ պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի եւ Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան Իվ Լըտրիանի, երէկ ստանձնեցին սէուտական զինուորական օժանդակութեան առաջին մասնաբաժինը:

Սէուտական նուիրատուութեամբ Լիբանանի հասած ֆրանսական զէնքն ու զինամթերքը ստանձնելու ընթացքին, Մուքպել յայտնեց, որ զինուորական այս օժանդակութիւնը առիթ պիտի տայ լիբանանեան բանակին պաշտպանելու համար իր սահմանները, ներքին ապահովական կայունութիւնը, քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ դիմադրելու ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն:

Մուքպել շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ` Լիբանանի նպատակով անոր զօրակցութեան եւ լիբանանեան բանակը զինելու նպատակով անոր կատարած թագաւորական օժանդակութեան համար:

Մուքպել շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Միացեալ Նահանգներուն, ինչպէս նաեւ եւրոպական եւ արաբական երկիրներուն, որոնք կ՛օժանդակեն բանակին:

Մուքպել ընդգծեց, որ ահաբեկչութիւնը կրօնի եւ ազգային պատկանելիութեամբ կարելի չէ սահմանափակել` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը տապալած է ահաբեկչութիւնը:

«Մենք պատրաստ ենք առանց նախապայմանի բանակին կատարուած որեւէ օժանդակութիւն ընդունելու, սակայն իրանեան օժանդակութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է կառավարութեան եւ Ապահովութեան խորհուրդին որոշումներուն` նկատի ունենալով Իրանի դէմ գործադրուող պատժամիջոցները վերացնելու կարեւորութիւնը:

Մուքպել յայտնեց, որ զինուորական օժանդակութեան յաջորդ մասնաբաժինը Լիբանան պիտի հասնի յաջորդ ամսուան ընթացքին եւ աւելի ուշ. այդ օժանդակութիւնները պիտի կատարուին հանգրուանային ձեւով եւ պիտի տեւեն 48 ամիս:

Իր կարգին, Ժան Իվ Լըտրիան շեշտեց, որ շրջանի երկիրներուն գոյութիւնը վտանգի ենթակայ է` աւելցնելով, որ Ֆրանսա ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ Լիբանանին օժանդակելու նպատակով:

Ան աւելցուց նաեւ, որ Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Լիբանանի դէմ յայտարարուած սպառնալիքները լուրջ են եւ Լիբանանի վրայ ճնշում կը բանեցնեն, ինչպէս նաեւ անոր սահմանապահի առաքելութիւնը դժուարացուցած են:

«Ֆրանսա մնայուն կերպով պիտի զօրակցի Լիբանանին եւ յատկապէս բանակին, որուն դերակատարութիւնը աննախընթաց է` երկրին պահպանման առումով», ըսաւ ան:

Լըտրիան յայտնեց նաեւ, որ Ֆրանսա պատրաստ է լիբանանեան բանակին համար ռազմափորձեր կազմակերպելու եւ լիբանանցի զինուորականներ ընդունելու իր սպայից վարժարաններուն մէջ:

Նշենք, որ լիբանանեան բանակին կատարուած զինուորական հիմնական այս օժանդակութիւնը «Միլան» տիպի հրթիռներն էին, որոնց լիբանանեան բանակը խիստ կարիք ունի:

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին յանձնուած ֆրանսական զէնքերու այս մասնաբաժինը սէուտական օժանդակութեան մէկ բաժինն է, որ արդիւնք է Լիբանանի նկատմամբ սէուտական պետութեան բարեկամութեան:

Հարիրի Այցելեց Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորին

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին, որուն շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին զինումին նպատակով Սէուտական Արաբիոյ կատարած օժանդակութեան համար:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ գահաժառանգ իշխան Մուքրեն պըն Ապտել Ազիզը, ներքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Նայեֆ պըն Ապտել Ազիզը եւ պետական նախարար Մսահետ պըն Մոհամետ Իպան:

Միւս կողմէ, բանակը Պեքաայի Պրիթել շրջանին մուտքին անցարգելներ զետեղեց` կատարելու համար ձերբակալումներ եւ հետապնդելու դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած Ապպաս Թլայսը փախցնող կողմերը:

Նշենք, որ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Սայտայի մէջ ձերբակալեց Ահմետ Ասիրի հետեւորդներէն Մ. Մ.-ը:

Բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը ձերբակալեց նաեւ Ռ. Տ. անունով պաղեստինցի քաղաքացի մը, որ ամբաստանուած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն անդամակցութեան յանցանքով:

 

 

Նախորդը

Փոլ Այանեանի Նամակը Վարչապետին Եւ Ելեւմուտքի Նախարարին

Յաջորդը

«Հայոց Արհաւիրքը Կը Կրկնուի, Երբ Արեւելքի Քրիստոնեաները Իրենց Պատմութենէն Եւ Քաղաքակրթութենէն Կը Պոկուին» Շեշտեց Ուատիհ Խազեն

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?