Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փոլ Այանեան բաց նամակ մը յղեց վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի:
Իր նամակին մէջ, Փ. Այանեան գնահատեց վարչապետին եւ ելեւմուտքի նախարարին ճիգերը` երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը բարելաւելու առումով, սակայն բողոք յայտնեց քաղաքացիներուն վրայ յաւելեալ տուրքեր պարտադրելու իմաստով հետագային տրուելիք որոշումին դէմ:
Փ. Այանեան իր նամակին մէջ նշեց, որ տնտեսական ներկայ պայմաններուն մէջ, լիբանանցին անկարող է յաւելեալ տուրքերու ենթարկուելու: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի առեւտրականներուն 80 առ հարիւրը դրամատուներուն կատարելիք նիւթական պարտաւորութիւններ ունին:
Փ. Այանեան շեշտեց, որ այս հանգրուանին պահանջուած է նուազեցնել տուրքերը եւ ոչ թէ յաւելեալ տուրքեր պարտադրել քաղաքացիին:
«Լիբանանցի առեւտրականներուն աշխատանքը պահպանելու առումով մեր յանձնառութենէն մեկնելով, կը յուսանք, որ կառավարութիւնը մերժէ յաւելեալ տուրքեր պարտադրել քաղաքացիներուն վրայ, ինչպէս նաեւ կը մաղթենք, որ նախարարաց խորհուրդը աշխատի տուրքերը նուազեցնելու ուղղութեամբ, որպէսզի տնտեսական մարզը շարունակէ իր աշխատանքն ու արդիւնաբերութիւնը», եզրափակեց Փ. Այանեան: