Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Ապրիլ 21, 2015
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կոչ ուղղեց Լիբանանը զերծ կացուցելու Եմէնի պատերազմէն, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ ինք կ՛ընդունի դարձեալ իբրեւ նախագահական թեկնածու ներկայանալ, եթէ իր թեկնածութեան շուրջ համախոհութիւն գոյանայ:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ իր կատարած այցելութեան նպատակը ակադեմական էր` աւելցնելով, որ Լիբանանը պաշտպանող արտաքին հովանաւորութիւն մը գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութեան չհասցնող երկխօսութիւնը անարժէք է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ զգուշացուց, որ Լիբանան թիրախ է այն երկիրներուն ախորժակին, որոնք կը փափաքին զայն կցել իրենց կայսրութեան:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ ո՛չ Հըզպալլա եւ ո՛չ ալ Մուսթաքպալ հոսանքը կրնան երկխօսութենէն հրաժարիլ` աւելցնելով, որ անոնց միջեւ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` ազդեցութիւն բանեցնելու լիբանանեան քաղաքական ուժերուն վրայ` արագացնելու համար նախագահական ընտրութեան հոլովոյթը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը ջանայ միջեմէնական երկխօսութիւն կատարել` լուծելու համար Եմէնի մէջ տիրող տագնապը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Լիբանանի համար բաւարար ժողովրդականութիւն չունեցող անձնաւորութիւն մը հանրապետութեան նախագահ ընտրելը քրիստոնէական առումով լուրջ հարցեր պիտի ստեղծէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կեցուածքներով իրենք ամօթ չեն զգար, յատկապէս այն պատճառով, որ իրենք իբրեւ Հըզպալլայի դաշնակից քաղաքական ուժ այդ կեցուածքներուն յանձնառու չեն:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ արաբ ազգը պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ Արաբական լիկայի քաղաքականութիւնը:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Միշել Ֆարաոն յայտնեց, որ ինք կը նախատեսէ լիբանանեան բանակի հրամանատարի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` մինչեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ յայտնեց, որ «Վճռորոշ փոթորիկ» գործողութիւնը կը պահպանէ արաբական արժանապատուութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կեցուածքները կը վնասեն Լիբանանի շահերուն եւ Ծոցի մէջ  գտնուող աւելի քան հինգ հարիւր հազար լիբանանցիի ճակատագիրին կը սպառնան:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն Ժամիլ Սէյիտ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանէն խնդրեց լսել իր վկայութիւնը:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ ընդհանուր դատախազութեան փոխանցեց Զահլէի մէջ շան մը խածին զոհը դարձած երեխայ Մայքըլ Տանի Քասուհայի թղթածրարը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ յայտնեց, որ իրենք ժողովրդավարական բոլոր միջոցներուն պիտի դիմեն` դէմ դնելու համար ապահովական ուժերու պատասխանատուներուն պաշտօնավարութեան երկարաձգումին:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի հետ: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց կառուցելու նոր բանտ մը` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կրնայ այդ իմաստով նախաձեռնութիւն մը առաջադրել:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ այցելեց Քլեմանսօ եւ Սայֆի, ուր հանդիպումներ ունեցաւ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ 2015-ի պետական ամավարկի նախագիծը:

 

 

Նախորդը

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճը Ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցը

Յաջորդը

Մաշնուք Կը Հաստատէ, Որ Ռումիէի Բանտին Մէջ Խռովարար Արարքները Պիտի Չկրկնուին

RelatedPosts

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ  Ընտրութիւնները Կայացան`  Սահմանափակ Խնդիրներով
Գլխաւոր լուրեր

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ Ընտրութիւնները Կայացան` Սահմանափակ Խնդիրներով

Մայիս 12, 2025
Նախագահ Աուն Քուէյթ Կ՛այցելէ
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Քուէյթ Կ՛այցելէ

Մայիս 12, 2025
Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն  Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին  Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Լրատուամիջոցներուն Կոչ Ուղղեց` Լիբանանի Բարեկամ Արտաքին Որեւէ Կողմի Վրայ «Յարձակում» Չգործելու

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?