Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժան Իվ Լոտրիան երէկ երեկոյեան ժամը 7:15-ին հասաւ Լիբանան, ուր ընդունուեցաւ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելի կողմէ:
Լոտրիան այսօր ներկայ պիտի գտնուի սէուտական օժանդակութեան` ֆրանսական զէնք-զինամթերքի առաջին մասնաբաժինը լիբանանեան բանակին յանձնելու պաշտօնական արարողութեան: