Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահճուբեան` Պաշտօնանկ Եղած Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Ներկայացուցիչները Քննադատած Են Մահճուբեանի` Ցեղասպանութեան Մասին Յայտարարութիւնը

April 17, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էթիեն Մահճուբեան
Էթիեն Մահճուբեան

Թուրքիոյ խորհրդարանի յառաջիկայ ընտրութիւններուն Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածու Սատըք Եաքութ` մեկնաբանելով Թուրքիոյ վարչապետի գլխաւոր խորհրդական Էթիեն Մահճուբեանի` «1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն չկոչելը անկարելի է» յայտարարութիւնը, ըսած է. «Վարչապետի խորհրդականի պաշտօնը վարող մէկը Խաչակիրներու արշաւանքը կազմակերպողներուն (նկատի ունի Հռոմի պապը, «Ա.») հետ նոյն գաղափարները պէտք չէ ունենայ: 1915-ին ոչ թէ ցեղասպանութիւն տեղի ունեցած է, այլ` դաւաճանութիւն»:

Եւրոպական Միութեան հարցերով պետական նախարար Վոլքան Պոզքըր իր կարգին յայտարարած է. «Իբրեւ Թուրքիոյ քաղաքացի` ան իր տեսակէտը ներկայացուցած է: Սակայն այդ յայտարարութիւնը Թուրքիոյ քաղաքացիին վայել չէ: Թերեւս ան կարելիութիւն ունենայ վերատեսութեան ենթարկելու իր տեսակէտը»:

Պոզքըր նաեւ անդրադարձած է Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւին եւ նշած, որ ատիկա «պատմական ու իրաւական իրականութեան հետ որեւէ կապ չունի»: «Այդ որոշումը Թուրքիոյ եւ թուրք ժողովուրդին համար ոչինչ կը նշանակէ: Միլիոնաւոր եւրոպացիներ ներկայացնող Եւրոպական խորհրդարանի պարտականութիւնը ոչ թէ պատմութիւն գրելն է, այլ ներկայիս գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն համար մնայուն լուծումներ գտնելը», ըսած է ան:

Մինչ այդ, «Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Մահճուբեան հեռացուած է վարչապետի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնէն: Անոր գործէ արձակման պատճառը տարիքային սահմանափակումն է: Տարածուած տեղեկութեան համաձայն, Մահճուբեան գործէ արձակուած է 9 մարտին: Սակայն այլ լրատուամիջոցներ հերքեցին այս լուրը` նշելով, որ Մահճուբեան կը շարունակէ իր պաշտօնավարութիւնը, սակայն կենսաթոշակի տարիքին ամբողջանալուն առիթով (65 տարեկան) սահմանուած կարգով 9 մարտին ինքնաբերաբար նկատուած է մարդուժի պահեստի մաս: Ան ներկայիս կը շարունակէ իր պաշտօնավարումը, սակայն մէկ տարբերութեամբ, որ աշխատավարձ պիտի չստանայ, այլ` կենսաթոշակ:

Մահճուբեան. «Էրտողան Ցեղասպանութեան Հարցին Մէջ
Իր Կարծր Կեցուածքով Կը Փորձէ Ստանալ
Ազգայնականներու Քուէները»

Մահչուբեան «Ակօս»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կեցուածքին, յառաջիկայ ընտրութիւններուն մէջ հայ թեկնածուներու առաջադրման, ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս պապի վերջին յայտարարութեան վերաբերող հարցերուն:

Ան նշած է, որ Էրտողանի կարծր կեցուածքին պատճառը յառաջիկայ ընտրութիւններն են, եւ այդպիսի յայտարարութիւններով գործող նախագահը կը փորձէ իր կուսակցութեան համար ապահովել ազգայնական զանգուածներու քուէները:

«Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը 22 միլիոն ընտրողի ձայն կը ստանայ: Ատոր առնուազն 10 միլիոնը ազգայնական զանգուածներն են: Եթէ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը 20 առ հարիւր քուէ ստացող կուսակցութիւն ըլլար, շատ հարցերու շուրջ աւելի յստակ պիտի արտայայտուէր: Սակայն 50 առ հարիւր ձայն հաւաքող կուսակցութիւնը ստիպուած է իրեն քուէարկող բոլոր հատուածներուն զգայնութիւնը հաշուի առնել», ըսած է ան:

Մահճուբեան յիշեցուցած է, որ Էրտողան նախ «ցաւակցական ուղերձ» յղեց, իսկ յետոյ վարչապետ Տաւութօղլու Տինքի մահուան տարելիցին պատգամ յղեց: «Այս տարի Ապրիլ 24-ին այդպիսի ակնկալիք կայ, սակայն ատիկա պիտի ըլլա՞յ, թէ՞ ոչ` չենք գիտեր: Քուլիսներու ետին թերեւս բան մը կը նախապատրաստուի, սակայն ես տեղեակ չեմ: Եթէ նոյնիսկ ատիկա տեղի ունենայ, ատոր շեշտը շատ տարբեր պիտի ըլլայ», ըսած է Մահճուբեան:

Անդրադառնալով այն երեւոյթին, որ յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող երեք կուսակցութիւններ հայ թեկնածուներ առաջադրած են, իսկ Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը հայ թեկնածու առաջադրած է առաջին դիրքի վրայ` Մահճուբեան նշած է, որ ատիկա խորհրդանշական քայլ է եւ իրեն հաճոյք կը պատճառէ:

Խօսելով Ֆրանչիսկոս պապի` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող վերջին յայտարարութեան մասին, ան ըսած է. «Պապը այս տարի պարտաւոր էր բան մը ըսել: Որքան հասկցայ` ըսած է դիւանագիտական ձեւով: Ան նշած է, որ 1915-ին տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն էր, ինչ որ, իրօք, այդպէս է: Իբրեւ հայ` ինծի համար առանձնապէս կարեւոր չէ, թէ ան ինչ ըսած է: Պապը իր ուսերուն վրայ եղող բարոյական բեռէն փորձած է ազատիլ»:

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Նախագահն Ու Վարչապետը Պիտի Չմասնակցին Կալիփոլիի 100-Ամեակի Տօնակատարութիւններուն

Յաջորդը

Վարդան Մինասեան Պաշտօնանկ Եղաւ

RelatedPosts

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը  Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Նախապայման Է»  Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը
Հայկական

«Հայ Գերիներու Հարցի Լուծումը Հայաստան – Ազրպէյճան Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Նախապայման Է» Կ՛ըսէ Ֆրանսայի Արտաքին Առեւտուրի Լիազօր Նախարարը

November 13, 2026
Մաթվիենքօ. «ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու  Պարագային Հայաստան  Շատ Բան Պիտի Կորսնցնէ»
Հայկական

Մաթվիենքօ. «ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու Պարագային Հայաստան Շատ Բան Պիտի Կորսնցնէ»

November 13, 2026
Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու  Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն  Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Զրկուեցաւ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Եւ Պատասխանատու Պաշտօններուն Իր Ներկայացուցիչները Նշանակելու Իրաւունքէն

November 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.