
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է, որ կ՛ուղղուի Հիուսթըն` հայկական եւ ազրպէյճանական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելու:
«Ես այսօր կ՛ուղղուիմ Հիուսթըն` հանդիպելու հայկական եւ ազրպէյճանական համայնքներուն հետ: Մենք պէտք է անկեղծ քննարկումներ ունենանք Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի խաղաղ լուծման շուրջ», գրած է Ուորլիք: